ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՏԱՐԵԿԱՆ ԶԵԿՈՅՑԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂ ԳՏԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ

Եւրոխորհրդարանը երէկ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան զեկոյցը։ Ըստ Պրիւքսելէ հաղորդուած լուրերուն, այս տեղեկագրին մէջ տասնհինգ տարի վերջ առաջին անգամ կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի Անգարա 1915 թուականի դէպքերը ճանչնայ՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, սա եղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ կատարուած յայտարարութեան ազդեցութեամբ։ Եւրոխորհրդարանը 1987 թուականին ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Թէեւ զանազան ուրիշ որոշումներու միջոցաւ այդ ճանաչման յղում կը կատարուէր, սակայն տասնհինգ տարիէ ի վեր կը ձախողէին այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կը կատարուէին, որպէսզի Թուրքիոյ վերաբերեալ զեկոյցներուն մէջ ուղղակի տեղ գտնէ այս հարցը։

Տեղական մամուլը կը մատնանշէ, որ այսպէսով Եւրոխորհրդարանը հրատարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ ամենախիստ զեկոյցը։ Երէկ կատարուած քուէարկութեան արդիւնքով՝ այդ զեկոյցը հաւանութեան արժանացաւ ձայներու 480-64 յարաբերակցութեամբ։

Եւրոխորհրդարանը յարմար կը դատէ, որ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւանց եւ հիմնարար ազատութիւններու բնագաւառէն ներս բարելաւումներ եթէ չարձանագրուին, Եւրոյանձնաժողովը պաշտօնապէս առկախէ իր լիիրաւ անդամակցութեան բանակցութիւնները։

Անգարայի ղեկավարութիւնը անմիջապէս բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ այս զեկոյցին դէմ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով ընդգծուեցաւ, որ միակողմանի եւ առարկայականութենէ հեռու այս որոշումները անընդունելի են։

Յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ, որ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը Թուրքիոյ տեսակէտէ ռազմավարական նպատակ մըն է եւ շահ պիտի ապահովէ ամբողջ Եւրոպայի համար եւ այդ մէկէն ալ անդին։ Թրքական կողմը վճռակամութեամբ պիտի շարունակէ այս նպատակին ուղղեալ աշխատանքը։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է նաեւ, որ սոյն զեկոյցը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու՝ դրական օրակարգով մը վերակենդանացման ուղղութեամբ ջանքեր կը գործադրուին։

Հինգշաբթի, Մայիս 20, 2021