ԷՆԹԸՆԻ ՊԼԻՆՔԸՆ ԵՒ ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ռէյքաւիքի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։ Կը հաղորդուի, որ տարածքաշրջանային հարցերու ամբողջին մէջ Էնթընի Պլինքըն եւ Սերկէյ Լաւրով կանգ առին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան երկարատեւ քաղաքական կարգաւորման ուղղեալ որոնումներուն վրայ։

Սա Ուաշինկթընի մէջ նոր վարչախումբի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ Մոսկուայի հետ տեղի ունեցած առաջին բարձր մակարդակի շփումն էր։ Պլինքըն եւ Լաւրով տեսակցեցան «Արքթիքական խորհուրդի» հաւաքի ծիրէն ներս, որ տեղի ունեցաւ Իզլանտայի մէջ։ Այժմ կը նախատեսուի նաեւ հանդիպում մը ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի նախագահներուն՝ Ճօ Պայտընի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ՝ մինչ Պլինքըն եւ Լաւրով երէկ պայմանաւորուեցան յառաջիկային եւս քննարկումները շարունակելու ուղղութեամբ։ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ վերջին շրջանին տարակարծութիւնները խորացած են եւ լարուածութիւնը բարձրացած է։ Ամերիկեան եւ ռուսական կողմերը տասնամեակներէ ի վեր ներդաշնակ աշխատանք կը տանին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ, հակառակ իրենց միջեւ առկայ այլ անհամաձայնութիւններուն եւ մրցակցութիւններուն։

Հինգշաբթի, Մայիս 20, 2021