ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Արարատեան դաշտի ջրային պաշարներու կայուն կառավարման հեռանկարները» խորագրեալ խորհրդաժողով մը։ Այս առթիւ քննարկուեցան տարածքաշրջանի ջուրի խնդիրները եւ անոնց բացասական հետեւանքները Հայաստանի տեսակէտէ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան «Գիտական յառաջադէմ փորձագիտութիւններու օգտագործում եւ համագործակցութիւն յանուն պաշարներու համալիր պահպանութեան» ծրագրի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած էր այս խորհրդաժողովը։ Զանազան մասնագէտներ եւ ոլորտի պատասխանատուներ խորհրդածութիւններով հանդէս եկան Արարատեան դաշտավայրի արթեզիէն աւազանի ներկայ վիճակին, պաշարներու պահպանման եւ կայուն օգտագործման հեռանկարներուն շուրջ։

Ստորերկրեայ ջուրերու ծաւալներու վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութեան որոշումները մինչեւ վերջերս կ՚առնուէին 1983-1984 թուականներու տուեալներու հիման վրայ։ Այժմ այս առումով նոր գործընթաց մը կը սկսի։

Արարատեան դաշտավայրի արթեզիէն աւազանը ունի ստորերկրեայ ջուրերու զգալի պաշարներ, որոնք կ՚օգտագործուին կենցաղային, ոռոգման, ձկնաբուծութեան եւ արտադրական նպատակներով։ Աւազանի ջուրը կ՚օգտագործուի նաեւ Մեծամօրի աթոմակայանի հովացման համակարգին համար։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ վերջին տասնամեակին ստորերկրեայ ջուրի մակերեսը իջած է զգալիօրէն, իսկ արթեզիէն գօտին կրճատուած է շուրջ 67 տոկոսով։ Պաշարներու հիւծման հետեւանքով Արարատեան դաշտի աւելի քան երեսուն համայնք ներկայիս խմելու կամ ոռոգման ջուրի խնդիրներ կը դիմագրաւէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 20, 2021