Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱՃԻԵՒԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՅՑԸ
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ վերջին օրերուն այցելեց Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումներ ունեցաւ։ Հաճիեւ մանաւանդ տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Ազգային անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հաճիեւի շփումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին եւ Հարաւային Կովկասի անվտանգային իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։
Քննարկումներուն ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան եւ համաշխարհային օրակարգին շուրջ։
Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2024