ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ

Պէյ­րու­թի «Թէ­քէեա­ն» կեդ­րո­նի «Գեր­սամ Ա­հա­րո­նեա­ն» սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ՌԱԿ մա­մու­լին, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Սփիւռ­քա­հայ տե­ղե­կա­տուա­կան դաշ­տը ան­ցու­մա­յին հանգ­րուա­նին՝ տպա­գի­րէն թուայ­նա­ցու­մ» խո­րա­գի­րը կրող կլոր սե­ղան մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Շա­հան Գան­տա­հա­րեան, Ա­նի­թա Լի­պեար, Շի­րազ Ճէ­րէ­ճեան, Տքթ. Ա­րա Սան­ճեան, Տքթ. Անդ­րա­նիկ Տա­գէ­սեան, Տքթ. Հրայր Ճէ­պէ­ճեան, իսկ զրու­ցա­վարն էր Սե­ւակ Յա­կո­բեան: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Պէյ­րու­թի «Ազ­դա­կ» օ­րա­թեր­թը:

Հան­դի­պու­մը սկսաւ Լի­բա­նա­նի, Հա­յաս­տա­նի եւ ՌԱԿ-ի քայ­լերգ­նե­րուն ունկնդ­րու­թեամբ: Բա­րի գա­լուս­տի խօսք փո­խան­ցեց Սե­ւակ Յա­կո­բեան: Ան անդ­րա­դար­ձաւ տե­ղե­կա­տուա­կան հա­մա­կար­գի զար­գաց­ման, տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու եւ լու­րե­րու ա­րագ տա­րած­ման մի­ջոց­նե­րու, ար­խիւ­նե­րու թուայ­նաց­ման կա­րե­ւո­րու­թեան: Խօս­քի ա­ւար­տին ան ներ­կա­յա­ցուց կլոր սե­ղա­նի մաս­նա­կից­նե­րը: Ա­պա սփռուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ե­լոյ­թը կլոր սե­ղա­նին ա­ռի­թով: Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ը­սաւ, թէ ա­րագ զար­գա­ցող աշ­խար­հին մէջ գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րը տե­ղե­կա-տըւու­թիւնն է: Ան կա­րե­ւոր նկա­տեց տե­ղե­կա­տուու­թեան տպա­գիր հանգ­րուա­նէն թուայ­նաց­մա­նի ան­ցու­մը, ա­պա ը­սաւ, թէ պէտք է նախ եւ ա­ռաջ թուայ­նաց­նել Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին ստեղ­ծուած գրա­կա­նու­թիւ­նը, ա­պա հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ գրա­դա­րան­նե­րու մէջ կու­տակուած ար­ժէք­նե­րը:

Ան կոչ ուղ­ղեց աշ­խոյժ կեր­պով հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու եւ ժա­ռան­գու­թեան ամ­բող­ջու­թեամբ տէր կանգ­նե­լու, որ­պէս­զի հայ ար­ժէք­նե­րը հա­մաշ­խար­հա­յին ա­րուես­տի աս­պա­րէ­զին մէջ ի­րենց տեղն ու դե­րը ու­նե­նան:

Ա­րա Սան­ճեան անդ­րա­դար­ձաւ տպա­գիր մա­մու­լի դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, ա­պա  ե­լեկտրո­նա­յին տար­բե­րա­կի ա­ռա­ւել հա­սա­նե­լիու­թեան: Ան նկա­տել տուաւ, որ հա­յա­գի­տա­կան մար­զին մէջ ար­խիւ­նե­րը կը մնան ան­մատ­չե­լի՝ ու­սում­նա­սի­րող­նե­րուն հա­մար:

Իսկ Տքթ. Անդ­րա­նիկ Տա­գէ­սեան ընդգ­ծեց գա­ղութ­նե­րուն մէջ հրա­պա­րա­կում­ներ բո­վան­դա­կող հրա­տա­րա­կու­թեան մը կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Ան ը­սաւ, թէ թուայ­նաց­ման նպա­տա­կը միայն ար­խիւ­նե­րը փրկե­լու հա­մար չէ, այլ ստեղ­ծել հան­րա­յին այն տա­րած­քը, որ­մէ կրնան օգ­տուիլ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն:

Իր կար­գին, Տքթ. Հրայր Ճէ­պէ­ճեան խօ­սե­ցաւ կրօ­նա­կան տե­ղե­կա­տուու­թեան տա­րած­ման հո­լո­վոյ­թին մէջ հա­մա­ցան­ցի օգ­տա­գործ­ման մա­սին: Ան կա­րե­ւոր նկա­տեց պատ­գա­մի մը ըն­կալ­ման ե­ղա­նա­կը ըն­թեր­ցո­ղին կող­մէ, ա­նոր կի­րար­կու­մը քա­ղա­քա­կան տագ­նապ­նե­րու պա­րա­գա­յին: Ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ 21-րդ դա­րու ա­րագ փո­խուող ու զար­գա­ցող դա­րուն Աս­տուա­ծա­շուն­չի ըն­կալ­ման տար­բեր մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ: Ան դի­տել տուաւ, որ տպա­գիր հրա­պա­րա­կում­ներն ալ տա­կա­ւին ի­րենց դերն ու ար­ժէ­քը կը շա­րու­նա­կեն ու­նե­նալ:

Ա­նի­թա Լի­պեար ներ­կա­յա­ցուց թուայ­նաց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը միու­թիւն­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ: Ան անդ­րա­դար­ձաւ այն բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րուն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, ո­րոնք ա­ռիթ կու տան մտա­ծե­լու եւ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կե­լու միու­թիւն­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ար­խիւ­նե­րը թուայ­նաց­նե­լու:

Խօսք ա­ռաւ նաեւ Շա­հան Գան­տա­հա­րեան: Ան նկա­տել տուաւ, թէ տե­ղե­կա­տուու­թեան տպա­գի­րէն թուայ­նա­ցում ան­ցու­մը ար­դէն կա­տա­րուած է, սա­կայն ան­ցու­մա­յին վի­ճա­կի մէջ է ե­լեկտ­րո­նա­յին տար­բե­րա­կը: Ան դի­տել տուաւ, թէ ա­րագ զար­գա­ցող դա­րուն անհ­րա­ժեշտ է մեր մի­ջոց­նե­րը յար­մարց­նել ար­հես­տա­գի­տա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն:

Գանտահարեան ը­սաւ նաեւ, թէ ան­վերջ նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը ստի­պեն ա­նընդ­հատ քայլ պա­հել ար­հես­տա­գի­տու­թեան զար­գա­ցում­նե­րուն հետ:

Շա­հան Գան­տա­հա­րեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ առ­կայ տե­ղե­կա­տուա­կան պա­տե­րազ­մին: Այս պա­րա­գա­յին, ը­սաւ ան, ար­հես­տա­գի­տու­թեան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը դուրս կու գայ սի­րո­ղա­կան մա­կար­դա­կէն եւ կ՚անց­նի զուտ մաս­նա­գի­տա­կան եւ փոր­ձա­գի­տա­կան աս­պա­րէզ, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ ստեղ­ծել հայ­կա­կան հզօր տե­ղե­կա­տուա­կան դաշտ, որ կրնայ հա­կա­դար­ձել բո­լոր քայ­լե­րուն:

Վեր­ջա­պէս ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Շի­րազ Ճէ­րէ­ճեան: Ան անդ­րա­դար­ձաւ պատ­կե­րաս­փիւ­ռի ու­ղիղ եւ ա­նուղ­ղա­կի սփռում­նե­րու, պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նի ան­ցեա­լի եւ ներ­կա­յի գոր­ծե­լա­ձե­ւե­րու տար­բե­րու­թեան՝ մեկ­նե­լով ար­հես­տա­գի­տու­թեան ըն­ձե­ռած կա­րե­լու­թիւն­նե­րէն: Ճէ­րէ­ճեան դի­տել տուաւ, թէ հա­մա­ցան­ցի ա­ռա­ւե­լա­գոյն օգ­տա­գոր­ծու­մը մե­ծա­պէս տե­ղե­կա­ցուած կը պա­հէ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը:

Ե­լոյթ­նե­րէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թեան կար­ճա­տեւ դա­դար մը, որ­մէ ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ լայն քննար­կում ա­րար­ծուած բո­լոր նիւ­թե­րուն մա­սի­ն։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015