ԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔՈՎ

Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կը հրա­տա­րա­կեց ու­շագ­րաւ հա­տոր մը՝ «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդի­րը. հա­յերն ու թուր­քե­րը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան վեր­ջին շրջա­նին» խո­րագ­րով, զոր պատ­րաս­տած է Գրի­գոր Սիւ­նի, Ֆաթ­մա Միւ­կէ Կէօ­չէք եւ Նոր­ման Նայ­մարք։ Յօ­դուած­նե­րու ժո­ղո­վա­ծոյ մըն է այս հա­տո­րը, որ կ՚ընդգ­ծէ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ժո­ղովր­դագ­րա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր խա­ւե­րը ճշդե­լու յատ­կու­թիւ­նը, դէպ­քե­րու զար­գաց­ման շրջար­կը, հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու եւ ժա­մա­նա­կի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ տար­բեր տե­սա­կէտ­ներ յայտ­նե­լով զա­նա­զան ժո­ղո­վուրդ­նե­րէ գաղ­թա­կան­նե­րու ստեղ­ծած մթնո­լոր­տին շուրջ։

Գիր­քը «ցե­ղաս­պա­նու­թի՞ւն է, թէ ոչ» հար­ցը կը տե­ղա­փո­խէ ըն­դուն­ման եւ ու­րա­ցու­մի վէ­ճե­րէն ան­դին։ Գիր­քը ձե­ւա­ւո­րուած է Հայ եւ թուրք ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տա­նո­ցի աշ­խա­տանք­նե­րու ար­դիւն­քին, ո­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած են Թուր­քիա­յէն եւ մի­ջազ­գա­յին գետ­նէն յայտ­նի մաս­նա­գէտ­ներ, ինչ­պէս՝ Ֆիք­րէթ Ա­տա­նըր, Է­րիք Եան Զիւր­հէր, Տա­նըլտ Պլոք­սան, Ֆուատ Տիւն­տար եւ այլք։ Յօ­դուած­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը ա­ռիթ կու տայ, որ­պէս­զի ըն­թեր­ցո­ղը ամ­բող­ջա­կան պատ­կեր մը կա­րե­նայ կազ­մել իր ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ, 1915-ի մա­սին։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015