ԽԻՍՏ ՇԱՀԵԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Պէյ­րու­թի «Տէ­միր­ճեան» կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Համ­շէն­ցի­նե­րը» խո­րագ­րով ձեռ­նարկ մը, ո­րուն հիւր դա­սա­խօսն էր համ­շէն­ցի Մա­հիր Էօզ­քան։

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Կա­րօ Աբ­րա­հա­մեան։ Ան ը­սաւ, թէ ժա­մա­նակն է ըն­դու­նիլ իս­լա­մա­ցած հա­յու կեր­պա­րի գո­յու­թիւ­նը իր հո­ղին վրայ, ա­պա խօ­սե­ցաւ զա­նա­զան խմբա­ւո­րում­նե­րով շուրջ եր­կու մի­լիոն համ­շէն­ցի­նե­րու գո­յու­թեան փաս­տին մա­սին, ո­րոնց բնա­կա­վայ­րե­րը կ՚եր­կա­րին Տեր­սի­մէն մին­չեւ Վրաս­տա­նի սահ­ման, Սեւ ծո­վու ա­փե­րը։

Կա­րօ Աբ­րա­հա­մեա­նի կող­մէ օրուան բա­նա­խօս Մա­հիր Էօզ­քա­նի ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք ցու­ցադ­րուե­ցաւ Էօզ­ճան Ալ­փէի բե­մադ­րած «Մո­մի» շար­ժա­պատ­կե­րը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Համ­շէ­նի կեն­ցա­ղը, հին ու նոր սե­րունդ­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւ­նը, վտանգուած բար­բա­ռը եւ բնու­թիւ­նը։

Կա­րօ Աբ­րա­հա­մեան ներ­կա­յա­ցուց նաեւ Մա­հիր Էօզ­քա­նի «Համ­շէ­նեան պատ­մուածք­ներ» խո­րա­գի­րը կրող գիր­քը, որ կը բաղ­կա­նայ քսան­չորս պատ­մուածք­նե­րէ։ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ տպուած գիր­քը գրուած է հա­յա­տառ համ­շէ­նե­րէ­նով, թրքե­րէ­նով եւ հա­յե­րէ­նով։

Բեմ հրա­ւի­րուե­ցաւ բա­նա­խօս Մա­հիր Էօզ­քան։ Ան նկար­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեան ընդ­մէ­ջէն եւ Համ­շէ­նի բար­բա­ռով անդ­րա­դար­ձաւ Համ­շէ­նի պատ­մա­կան տուեալ­նե­րուն՝ յա­ռաջ քշե­լով այդ մա­սին ե­ղած բո­լոր վար­կած­նե­րը։ Ա­պա ներ­կա­յա­ցուց համ­շէ­նա­հա­յու­թեան ե­րեք խմբա­ւո­րում­նե­րը ի­րենց տա­րածք­նե­րով եւ կեն­ցա­ղով, մշա­կու­թա­յին ման-­րա­մաս­նու­թեամբ։ Ան նկա­տել տուաւ, թէ համ­շէ­նա­հա­յու­թեան ստուար մաս մը կ՚ըն­դու­նի իր ինք­նու­թիւ­նը ա­ռանց տի­րա­պե­տե­լու բար­բա­ռին, մաս մը, որ կը խօ­սի համ­շէ­նե­րէն, բայց իս­լա­մու­թիւ­նը դա­ւա­նած է, իսկ ըստուար մաս մըն ալ քրիս­տո­նեայ համ­շէ­նա­հա­յերն են, ո­րոնք թէ՛ կը խօ­սին, թէ՛ կը պա­հեն բար­բա­ռը։ Ան խօ­սե­ցաւ Համ­շէ­նի գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն մա­սին՝ յի­շե­լով Պոլ­սոյ մէջ գոր­ծող «Հա­տիկ» միու­թեան աշ­խա­տան­քը, «Կոր» ամ­սա­գի­րը, տար­բեր հրա­պա­րա­կում­ներ եւ մինչ օրս ե­ղած հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը, «Վո­վա» երգ ու պա­րի հա­մոյ­թը, ո­րոնք բո­լորն ալ մեծ դեր կ՚ու­նե­նան Համ­շէ­նի հար­ցե­րու ար­ծարծ­ման։ Բա­նա­խօ­սը անդ­րա­դար­ձաւ Համ­շէ­նի բար­բա­ռին եւ նշեց, որ ան կորս­տեան մատ­նուող լե­զու­նե­րու շար­քին է ար­դէն՝ յայտ­նե­լով, որ բար­բա­ռը պա­հե­լու հա­մար ար­դէն տար­բեր վայ­րե­րու հետ զայն նոր սե­րուն­դին սոր­վեց­նե­լու փոր­ձեր կը կա­տա­րուին։

Ան իր խօս­քի ա­ւար­տին ը­սաւ, թէ վտան­գուած լե­զուն պա­հե­լու կող­քին անհ­րա­ժեշտ է մարդ­կա­յին նե­րու­ժի եւ կեն­ցա­ղին վե­րա­բե­րող հար­ցե­րու լու­ծում­ներ գտնել Համ­շէ­նի մէջ։ Ա­պա ակ­նար­կեց Թուր­քիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կրնան զար­գա­նալ նաեւ յօ­գուտ համ­շէ­նա­հա­յու­թեան։ Ան ըն­թեր­ցեց նաեւ Համ­շէ­նի բար­բա­ռին մաս կազ­մող բա­ռե­րու ցանկ մը, ո­րոնց հա­մա­պա­տաս­խան տուաւ հա­յե­րէն տար­բե­րա­կը՝ մատ­նան­շե­լով հնչիւ­նա­փո­խուած տա­ռե­րը։

«Ազ­դակ» կը հա­ղոր­դէ, թէ ներ­կա­նե­րը ունկնդ­րած են նաեւ համ­շէ­նե­րէն եր­գե­րու, գե­ղե­ցիկ կա­տա­րում­նե­րու ու մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու, ե­րաժշ­տու­թեան։ Բա­նա­խօ­սը պա­տաս­խա­նած է նաեւ ներ­կա­նե­րու գրա­ւոր հար­ցում­նե­րուն։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015