ՆԱԹՕ-Ի ՀԱՒԱՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

ՆԱ­ԹՕ-ի Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վը 18-20 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին հետ կը կազ­մա­կեր­պէ «Ռոզ-Ռոթ» 89-րդ խորհր­դա­ժո­ղո­վը՝ «Ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ու կա­յու­նու­թիւ­նը Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ. մնա­յուն խա­ղա­ղու­թեան խթա­նու­մը շրջա­նին մէջ» խո­րագ­րով։ Խորհր­դա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին քննար­կուող բնա­բան­ներն են՝ «Հա­յաս­տա­նի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ՆԱ­ԹՕ-ի հետ. ա­պա­հո­վու­թիւն, քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն եւ տնտե­սու­թիւն», «Ի­ՇԻՊ-ի վե­րել­քը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ եւ ատ­կէ ան­դին (ազ­դե­ցու­թիւ­նը հայ­կա­կան սփիւռ­քին վրայ)», «Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ. միջ­նոր­դու­թեան դե­րը», «ՆԱ­ԹՕ-ի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ», «Բա­րի վար­քի հաս­տա­տու­մը իբ­րեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ պաշտ­պա­նա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու մաս», «Փակ սահ­ման­ներ. տնտե­սա­կան բար­գա­ւաճ­ման, կա­յու­նու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը», «Ու­ժա­նիւ­թա­յին ա­պա­հո­վու­թիւ­նը Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ», «Քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րը եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հան­րու­թիւ­նը շրջա­նին մէջ»։

Խորհր­դա­ժո­ղո­վի բաց­ման նիս­տին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Հա­յաս­տա­նի Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեան։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015