ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻՆ ՀԻՒՐԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ըն­դու­նեց Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը՝ գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րի յա­տուկ խորհր­դա­կան, Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք ֆրան­սա­խօ­սու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հա­մա­ժո­ղո­վի կա­յաց­ման նա­խա­պատ­րաս­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ դես­պան Ժաք Պի­լո­տո­յի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը Նալ­պան­տեան նշեց, որ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ կ՚ապ­րուի յա­գե­ցած շրջան մը եւ զայն կու գայ լրաց­նե­լու շուրջ ութ­սուն բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք Ֆրան­սա­խօս­նե­րու նա­խա­րա­րա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը։ «Հա­յաս­տա­նը պի­տի ը­նէ ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը՝ զայն բարձր մա­կար­դա­կով կազ­մա­կեր­պե­լու նպա­տա­կով», ը­սաւ նա­խա­րա­ր Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար՝ Պի­լո­տօ փո­խան­ցեց ի­րենց կազ­մա­կեր­պու­թեան գլխա­ւոր քար­տու­ղար Մի­քա­յէլ Ժա­նի ող­ջոյն­նե­րը։ Ան տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ ի­րենց ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րուն եւ քննար­կում­նե­րուն մա­սին՝ վստա­հու­թիւն յայտ­նե­լով, թէ հայ­կա­կան կող­մը պատ­շաճ կեր­պով պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ նա­խա­րա­րա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Ե­րե­ւա­նի մէջ Հոկ­տեմ­բե­րին կա­յա­նա­լիք հա­մա­ժո­ղո­վին ա­ռընչուող կազ­մա­կերպ­չա­կան շարք մը հար­ցեր։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015