ՆՈՐ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
Նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնը զբաղեցուցած Ահմէտ Սեւէր իր «Տասներկու տարի Ապտուլլահ Կիւլի հետ» գիրքին մէջ ի շարս բազմաթիւ այլ աղմկայարոյց նիւթերու, անդրադարձաւ նաեւ 2008 թուականին Կիւլի Երեւան կատարած այցելութեան։ Աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդելով ան պատմած է, թէ ինչպէս Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ այդ ժամանակ վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան արձագանգած են Կիւլի կողմէ Հայաստանի հետ հաստատուած «ֆութպոլային դիւանագիտութեան»։ Այս մասին Ահմէտ Սեւէր պատմեց նաեւ «CNN Türk» ալիքին մէջ մասնակցած հաղորդումի մը ժամանակ։
2008 թուականին Նախագահ Կիւլ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով այցելած էր Երեւան՝ դիտելու Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի մրցումը։ Սեւէր նշեց, թէ այդ այցելութեան դէմ էին իշխող վերնախաւի բոլոր անձերը, ինչպէս նաեւ Վարչապետ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։
«Ան ալ չ՚ուզեր, որ Հայաստան մեկնիս», ըսած է Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան՝ ակնարկելով այդ ժամանակուան Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Իլքէր Պաշպուղին։ «Սակայն ան գնաց՝ հակառակ որ մինակ մնացած էր։ Այդ գործընթացը բացաւ դէպի արձանագրութիւններու տանող ճամբան», ըսաւ Ահմէտ Սեւէր։
Հաղորդման ընթացքին Ահմէտ Սեւէր անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան մեկնելու Կիւլի որոշման պատճառներուն։ «Քրդական, Հայկական ու Կիպրոսի հարցերը կարեւոր կը համարէր։ Իր կարծիքով, այդ հարցերը հետզհետէ փտախտի կը վերածուին։ Կը կարծէր, թէ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» շրջագծով Հայաստան մեկնիլը պիտի բանայ կարգաւորման ճանապարհը։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնպէս չէր ուզեր, որ ան մեկնի։ Անոնք կը մտահոգուէին, թէ այդ այցելութեան հետեւանքով պիտի տուժէ անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները։ Սակայն Կիւլ ըսաւ, թէ պիտի մեկնի», պատմեց Ահմէտ Սեւէր։