ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏ ԵՐԵՔ ԱՄԻՍԷ Ի ՎԵՐ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՄԱՆԿԱՊՂԾՈՒԹԵԱՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւ­նը ար­դէն ե­րեք ա­մի­սէ ի վեր կ՚ու­սում­նա­սի­րէ՝ Սրբոց Յա­կո­բեանց վան­քէն ներս 1990-ա­կան թուա­կան­նե­րուն պա­տա­հած ման­կապղ­ծու­թեան վե­րա­բե­րեալ պնդում­նե­րը, ո­րոնք վեր­ջին շրջա­նին ար­ձա­գանգ գտած էին կարգ մը զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու մօտ՝ Ֆրան­սա­յէն եւ Իս­րա­յէ­լէն։

Հա­յաս­տա­նի «news.am» կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նի դի­ւա­նէն տե­ղե­կա­ցու­ցած են, թէ երբ ա­ւար­տին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, ա­պա պի­տի կա­տա­րուի հա­մա­պա­տաս­խան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­ներն ալ տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, թէ կը սպա­սեն Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քու­թեան կող­մէ տրուե­լիք պար­զա­բան­ման՝ այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս գա­լու հա­մար։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016