ՅԱՄԱՌ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող յանձ­նա­ժո­ղո­վին հեր­թա­կան նիս­տը։ Ժո­ղո­վի սկիզ­բին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ցա­ւով մատ­նան­շեց, որ նա­խորդ նիս­տէն ի վեր ան­ցած ժա­մա­նա­կաշրջա­նին սու­րիա­հայ հա­մայն­քը դժբախ­տա­բար նոր զո­հեր տուած է՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­լէ­պի հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րու ռմբա­կոծ­ման հե­տե­ւան­քով։ Նա­խա­րա­րին ա­ռա­ջար­կով ժո­ղո­վա­կան­նե­րը վայր­կեան մը յար­գան­քի լռու­թիւն պա­հե­ցին ի յի­շա­տակ զո­հե­րուն։

Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին եւ հայ հա­մայնք­նե­րու խնդիր­նե­րուն շուրջ զե­կու­ցու­մով մը հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Մեր­ձա­ւոր ու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի վար­չու­թեան պետ Սար­մեն Պաղ­տա­սա­րեան, որ շեշ­տեց, թէ նա­խորդ զե­կոյ­ցէն ի վեր դժբախ­տա­բար Սու­րիոյ մէջ ո­րե­ւէ դրա­կան զար­գա­ցում չէ ար­ձա­նագ­րուած։ Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րը տա­կա­ւին կը մնան ա­պար­դիւն։ Ներ­կա­յիս Սու­րիոյ տա­րած­քի մէկ եր­րոր­դէն ա­ւե­լին կը գտնուի ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու կամ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու ձեռ­քը։ ՄԱԿ-ի տուեալ­նե­րով Սու­րիոյ մէջ շուրջ 18 մի­լիոն հո­գի կ՚ապ­րի, 7 մի­լիոնն ալ տե­ղա­հա­նուած է։ Ներ­քին պա­տե­րազ­մի հինգ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին երկ­րի տնտե­սու­թեան կրած վնա­սը հա­սած է առ­նուազն 250 մի­լիառ տո­լա­րի մա­կար­դա­կին։ Գա­լով հայ հա­մայն­քին՝ Սար­մեն Պաղ­տա­սա­րեան յայտ­նեց, որ տա­կա­ւին շուրջ 20 հա­զար հայ կը բնա­կի Սու­րիոյ մէջ։ Այդ թի­ւը ամ­րան ա­միս­նե­րուն փո­փո­խու­թեան կ՚են­թար­կուի՝ դպրո­ցա­կան ար­ձա­կուր­դի եւ բնակ­չու­թեան տե­ղա­շար­ժի բե­րու­մով։ Ըստ Պաղ­տա­սա­րեա­նին, վեր­ջին շրջա­նին շատ վտան­գա­ւոր ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծուած է Հա­լէ­պի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ։ Որ­պէս հե­տե­ւանք մա­հա­ցաւ եօթ հայ, վնա­սուե­ցան հայ­կա­կան ծե­րա­նո­ցը, Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղե­ցին, գի­տակր­թա­կան եւ մշա­կու­թա­յին նշա­նա­կու­թեամբ շի­նու­թիւն­ներ։ Այս պա­հուն զգա­լի է հա­յե­րուն ար­տա­հոս­քը դէ­պի Լի­բա­նան եւ Հա­յաս­տան։ Նուա­զած է հոս­քը դէ­պի Շուէտ եւ Գա­նա­տա, իսկ աշ­խու­ժա­ցած են եր­թե­րը դէ­պի Աւստ­րա­լիա։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ի­րա­քի հա­յու­թեան կա­ցու­թեան Սար­մեն Պաղ­տա­սա­րեան նշեց, որ հա­մայն­քի թի­ւը չի գե­րա­զան­ցեր 7500-ը։ Այս տուեա­լը փո­խան­ցուած է Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ի­րա­քի Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին կող­մէ։ Ի­րա­քա­հա­յե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը բնա­կի Պաղ­տա­տի մէջ։ Հա­կա­ռակ այդ ծանր ի­րա­վի­ճա­կին, ի­րա­քա­հա­յե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն կազ­մա­կեր­պե­ցին նուի­րա­հա­ւաք մը եւ 50 հա­զար տո­լար հան­գա­նա­կե­ցին՝ Ար­ցա­խի օգ­նու­թեան հա­մար։

Գեր­մա­նիոյ Մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­կե­րու­թեան (GIZ) ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հանս Եո­հա­քիմ Զինն­քանն ներ­կա­յա­ցուց «Սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րու տնտե­սա­կան հա­մար­կու­մը Հա­յաս­տա­նի մէջ» խո­րագ­րեալ ծրագ­րին ըն­թաց­քը։ Զինն­քանն, որ կը ղե­կա­վա­րէ այդ ծրա­գի­րը, ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց ան­ցեալ ա­միս կազ­մա­կեր­պուած «Տնտե­սա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու շա­բաթ» գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղո­վի ար­դիւնք­նե­րուն վրայ։

Հա­յաս­տա­նի Փոքր եւ մի­ջին ձեռ­նար­կա­տի­րու­թեան զար­գաց­ման ազ­գա­յին կեդ­րո­նի փոխ-գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Կա­րէն Գէոր­գեանն ալ անդ­րա­դար­ձաւ սու­րիա­հա­յե­րու հա­մար կազ­մա­կեր­պուած ծրագ­րե­րուն եւ ա­նոնց ի նպաստ ցու­ցա­բե­րուած գործ­նա­կան ա­ջակ­ցու­թեան։

Կար­միր խա­չի հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թեան ե­րի­տա­սար­դա­կան բաժ­նի վա­րիչ Կա­տա­րին Վար­դա­նեանն ալ զե­կու­ցեց ան­ցեալ տա­րի կա­տա­րուած եւ այս տա­րուան հա­մար նա­խա­տե­սուած ծրագ­րե­րուն շուրջ։

Ժո­ղո­վի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց այն բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կը զբա­ղին սու­րիա­հա­յոց հար­ցե­րով։ «Մենք պէտք է շա­րու­նա­կենք նոյն ձե­ւա­չա­փով աշ­խա­տիլ ա­ռա­ւել ար­դիւ­նա­ւէտ։ Սու­րիա­հա­յե­րը դար­ձած են մեր հա­սա­րա­կու­թեան լիի­րաւ ան­դամ­նե­րը ու մենք պէտք է ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը ը­նենք՝ ա­նոնց խնդիր­նե­րը կար­գա­ւո­րե­լու եւ ա­նոնց հա­սա­րա­կու­թեան մէջ լիար­ժէք հա­մար­կու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Միւս կող­մէ, շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի «Մա­րիոթ-Ար­մե­նիա» պան­դո­կի «Ա­րա­րատ» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ճգնա­ժա­մի հինգ տա­րին. նոր կեան­քի մա­քառ­ման հինգ տա­րին» խո­րագ­րեալ ձեռ­նարկ մը, որ նուի­րուած էր Հա­մաշ­խար­հա­յին փախս­տա­կան­նե­րու օ­րուան։ Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ յայ­տա­գի­րը, ո­րու բաց­ման ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան նաեւ նա­խա­ձեռ­նարկ եր­կու կա­ռոյց­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ ՄԱԿ-ի փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տա­րի գրա­սե­նեա­կի Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար Քրիս­տոֆ Պիր­վիրթ եւ «Օքս­ֆամ» կազ­մա­կեր­պու­թեան մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէն Մար­կա­րի­թա Յա­կո­բեան։ Նոյն­պէս յար­գան­քի լռու­թիւ­նով մը յար­գուե­ցաւ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը։ Օ­րուան ծրա­գի­րը ու­նէր նաեւ գե­ղա­րուես­տա­կան բա­ժին մը։ Զու­գա­հե­ռա­բար ցու­ցադ­րուե­ցաւ սու­րիա­ցի ո­ճա­բան Գէորգ Շա­տո­յեա­նի ե­րա­խա­նե­րու տա­րազ­նե­րու ժո­ղո­վա­ծուն։ Ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ նաեւ «Խաչ­մե­րուկ­ներ» գիր­քը, որ կը ձո­լաց­նէ փախս­տա­կան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ պատ­մու­թիւն­ներ։

Ըն­դար­ձակ դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառք մը, ո­րով ներ­կա­յա­ցուե­ցան տե­ղա­հա­նեալ սու­րիա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րու ձե­ռա­գործ աշ­խա­տանք­նե­րը։ Բա­ցուե­ցաւ նաեւ փախս­տա­կան­նե­րու թե­մա­թիկ լու­սան­կար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէս մը։

Երկուշաբթի, Յունիս 20, 2016