Չորեքշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2024
«ԱՐԻ ՏՈՒՆ - 2017»
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակեպուած է «Արի տուն» ծրագիրը։ Երէկ, Երեւանի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը սկսաւ «Արի տուն-2017» ծրագիրը։ Սփիւռքահայ երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան ուղղեալ այս նախագծի ծիրէն ներս առաջին խումբը արդէն մեկնած է Հայաստան։ Առաջին փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Սփիւռքէն 163 երիտասարդներ մաս կը կազմեն այս առաջին խումբին։ Անոնք Հայաստան մեկնած են՝ Ռուսաստանէն, Ուքրայնայէն, Վրաստանէն, Ղազախիստանէն, Գանատայէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն եւ Ֆրանսայէն։
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ջերմ ելոյթով մը ողջունեց երիտասարդները, որոնց ժամանման առթիւ գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։
Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017