ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ այցելեց Աթէնք, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու վարչապետները ունեցան ջերմ զրոյց մը, որու աւարտին սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Պինալի Եըլտըրըմ եւ Ալեքսիս Ցիփրաս այս համատեղ ասուլիսին ընթացքին փոխանցեցին դրական պատգամներ։ Դէպի Աթէնք միօրեայ այցելութեան ընթացքին Պինալի Եըլտըրըմ բազմակողմանի խնդիրներ շօշափեց իր պաշտօնակցին հետ։ Ան յայտարարեց, որ Թուրքիա կը ձգտի Եւրոմիութեան հետ նոր մեկնարկի մը՝ նոր տեսլականով։ Ալեքսիս Ցիփրաս գաղթականներու վերաբերեալ համաձայնութեան եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներու առանց վիզայի Եւրոմիութիւն մուտքին համար, ինչպէս նաեւ խոստացուած ելմտական աջակցութեան ապահովման համար պիտի ըլլայ Թուրքիոյ անմիջական դաշնակիցը։ Երկու վարչապետները կանգ առին Եգէականէ ներս լարուածութեան նուազեցման, Յունիսի 28-ին Զուիցերիոյ մէջ սկսելիք Կիպրոսի հիմնախնդրին վերաբերեալ երկրորդ խորհրդաժողովի յաջողութեան վրայ։ Այս նպատակներուն ուղղութեամբ անոնք որոշեցին յառաջիկայ շրջանին ըլլալ ուղղակի շփման մէջ։

Պինալի Եըլտըրըմ Աթէնքի մէջ յայտարարեց, որ տարակարծութիւնները մէկ կողմ թողլով յարաբերութիւնները պէտք է զարգացնել այն խնդիրներուն հիման վրայ, որոնց շուրջ կողմերը համակարծիք են։ Բայց եւ այնպէս, խնդիրներու անտեսումն ալ անկարելի է։ Վարչապետը ընդգծեց, որ Եգէականի մէջ ոտնձգութիւնները միակողմանիօրէն չեն ըլլար, այլ փոխադարձ են։ Ուստի, այստեղ նպատակն է այդ բոլորը իջեցնել նուազագոյնի։ Սա կախում ունի ուղղակի շփման մէջ գտնուելէ։ «Ատեն-ատեն մենք պիտի հանդիպինք, մեր նախարարները, խորհրդականներն ու զինուորական իրաւասուներն ալ մէկ-տեղուելով ջանք պիտի գործադրեն՝ որպէսզի այս հարցին շուրջ հասարակաց միտք մը ձեւաւորեն», ըսաւ վարչապետը։

Անդրադառնալով Կիպրոսի հարցին՝ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ իրենք կը գիտակցին, որ այս խնդիրը պէտք է կարգաւորուի։ Ալեքսիս Ցիփրասն ալ կը բաժնէ այս մօտեցումը։

Պինալի Եըլտըրըմ Աթէքնի մէջ կարեւոր պատգամներ տուաւ նաեւ 15 Յուլիսի ձախող զինեալ յեղաշրջման փորձէն վերջ Յունաստան ապաստանած թուրք զինուորականներու խնդրին շուրջ։ Վարչապետը մաղթեց, որ անոնք հարուած չհասցնեն Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւններուն։ Ցիփրասն ալ ընդգծեց, որ իրենք յարգանք կը տածեն արդարադատութեան համակարգի որոշումներուն նկատմամբ։ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով, զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ Թուրքիա դժբախտաբար ակնկալած զօրակցութիւնը չգտաւ իր եւրոպացի բարեկամներէն։ 15 Յուլիսին յաջորդած իրադարձութիւններու եւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթացին մէջ Եւրոմիութիւնը ժխտական դիրքորոշում մը որդեգրեց։ «Այս բոլորը որեւէ նպաստ չեն բերեր մեր յարաբերութիւններու զարգացման։ Անոնք այլեւս մնացած են ետին։ Թուրքիա ԵՄ-ի հետ նոր մեկնարկի մը կը ձգտի՝ նոր տեսլականով մը», ըսաւ Եըլտըրըմ եւ աւելցուց, որ գաղթականաց հարցին շուրջ Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ ապահովուած համաձայնութիւնը ստեղծած էր նոր խանդավառութիւն մը, սակայն այդ մէկը ընդհատուեցաւ, գործադրութիւնը հնարաւոր չդարձաւ։ «Մենք մայր ցամաքէն դէպի կղզիներ անցքը կարեւոր չափով հակակշռի տակ առած ենք։ Մեր ակնկալութիւնն ու մաղթանքն է, որ Եւրոմիութիւնը համաձայնութեան մնացեալ մասերն ալ գործադրութեան մէջ դնէ», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ։ Իր կարգին, Ցիփրասն ալ խոստացաւ խրախուսել Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները։

Աթէնքի մէջ Եըլտըրըմ անդրադարձաւ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին։ Օր չ՚անցնիր, որ Եւրոպայի կամ աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնին մէջ ահաբեկչական դէպք մը չպատահի։ Հետեւաբար, ահաբեկչութեան պարագային պէտք է մէկ կողմ թողուլ տարբեր չափանիշները ու պէտք է առաջնորդուիլ այն իրականութիւնով, որ ահաբեկչութիւնը հասարակաց սպառնալիք մըն է մարդկութեան դէմ։ «Մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ապրուածները, ահաբեկչութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ դէմ յանդիման մնացած ռիսքերը եթէ հաշուի առնենք՝ սխալ չ՚ըլլար յայտնել, որ Եւրոպայի անվտանգութիւնը կախում ունի Թուրքիայէն եւ Յունաստանէն», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ։

Ասուլիսի ընթացքին Ցիփրաս յայտնեց, որ գաղթականաց հարցին շուրջ Թուրքիա ապահոված է բարձր վարկանիշ։ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինեալ յեղաշրջման փորձը Յունաստանի մէջ չէ ընկալուած դրական։ «Ի սկզբանէ դէմ դուրս եկանք անոնց։ Բայց եւ այնպէս, արդարադատութեան եւ գործադիր իշխանութիւններու իրաւասութիւնները տարբեր են։ Մենք կը յարգենք դատական մարմիններու որոշումները», ըսաւ Ցիփրաս։

Յունաստանի վարչապետը յայտնեց նաեւ, որ Կիպրոսի խնդրին պարագային պէտք է առնուին քայլեր։ Թէեւ Զուիցերիոյ խորհրդաժողովին համար կ՚ըսուի, թէ ճանապարհի վերջաւորութիւնն է, սակայն եթէ ճանապարհը վերջանայ, ապա պէտք է բանալ նոր ճանապարհներ։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017