ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանի ըզ-բօսանաւը այս օրերուն հանգրուանած է Պոտրումի մէջ։ Տեղական մամուլէ որոշ թերթեր եւ լրատուամիջոցներ արձագանգ կը հանդիսանան այս իրադարձութեան՝ մատնանշելով, որ զբօսանաւը կ՚արժէ 120 միլիոն ամերիկեան տոլար։ «ACE» կը կոչուի Սամուէլ Կարապետեանի զբօսանաւը, որու երկարութիւնը կը կազմէ 87 մեթր։
«Տաշիր» հոլտինկի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանի զբօսանաւուն Պոտրումի մէջ երէկ վառելանիւթ մատակարարուած է՝ ինն բեռնատարերով։ Այս զբօսանաւուն ձեւաւորման հեղինակն է՝ Andrew Winch։ Բացի վեց գերյարմարաւէտ սենեակներէ, զբօսանաւը ունի տիսքոթէք մը, լողաւազան եւ այլն։ Այս զբօսանաւուն առանձայատկութիւններէն մին ալ այն է, որ ամէն տեսակ ծառայութեան եւ կարիքներու դիմագրաւման համար ունի լոժիստիք բնոյթով յարակից նաւ մը՝ 67 մեթր երկարութեամբ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, յայտնի չէ, որ Սամուէլ Կարապետեանի զբօսանաւը քանի օր պիտի մնայ Պոտրումի մէջ։ Ըստ նոյն աղբիւրին, «ACE» շրջայց պիտի կատարէ Պոտրումի ծոցերուն մէջ։