ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Եւրոմիութեան անդամ եւ անոր կողմէ հովանաւորուած Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ ժողով մը գումարեցին Լիւքսեմպուրկի մէջ։ ԵՄ-ի գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան գծով յանձնակատար Եոհաննէս Հան գլխաւորեցին հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Լիւքսեմպուրկի մէջ Նալպանտեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին աշխոյժ աշխատանք ծաւալած են Ռիկայի հռչակագրի դրութիւնները կեանքի կոչելու նպատակով։ Այս ծիրին մէջ ան թուարկեց COSME-ն «Հորիզոն-2020» ծրագիրը, ընդհանուր օդագնացութեան գօտիի մասին պայմանագիրը, ինչպէս նաեւ «Ստեղծագործ Եւրոպայի» շուրջ բանակցութիւններու սկիզբը։ Հայկական կողմը մտադիր է շուտով աւարտին հասցնելու այդ բանակցութիւնները։
Նալպանտեան մատնանշեց, որ կան նաեւ որոշ առկայ հարցեր, որոնց ուղղութեամբ Երեւան կ՚ակընկալէ աշխատանք տանիլ, ներառեալ մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան սկիզբը։ «Այս առումով կ՚ակնկալենք ԵՄ-ի անդամ պետութիւններու յստակ աջակցութիւնը», յայտնեց Լիւքսեմպուրկի մէջ նախարարը։
Նալպանտեան հերթական անգամ երախտագիտութիւն յայտնեց ԵՄ-ի կողմէ տարիներէ ի վեր Հայաստանին տրամադրուած շարունակական օժանդակութեան համար, ներառեալ՝ Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան միջոցաւ, ուղղուած Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու գործընթացի արդիւնաւէտ իրականացման եւ երկրի հաստատութիւններու կարողութիւններու զարգացման։ Այս առումով հայկական կողմը կ՚ակըն-կալէ շարունակել արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։ Նալպանտեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Եւրոյանձնաժողովին եւ ԵՄ-ի արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան՝ «20 արդիւնք մինչեւ 2020» փաստաթուղթի լրամը-շակեալ տարբերակի հայկական կողմի տրամադրման համար։ Այս տարբերակով ոչ միայն կ՚առաջարկուի գործողութիւններու լաւ ծրագիր մը յառաջիկայ տարիներուն համար, այլեւ Արեւելեան գործընկերութեան նոր՝ վերատեսութեան ենթարկուած կառուցուածք մը, ինչ որ անմիջականօրէն կապուած է այս բազմակողմանի հարթակի շրջանակներէն ներս գործընկեր երկիրներու կատարողականին եւ, ինչ որ առաւել կարեւոր է, ընդհանուր պարտաւորութիւնները կեանքի կոչելու քաղաքական կամքին հետ։
«Մենք նաեւ վստահ ենք, թէ տարբերակման սկզբունքը բացառիկ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ այդ շրջանակներէն ներս զարգացնելու բազմաոլորտ եւ բազմաշերտ համագործակցութիւն՝ այսպէսով իսկ մեզի թոյլ տալով պահպանել գործընկերութեան ամբողջականութիւնը։ Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս մեր համատեղ ջանքերուն, ինչպէս յաջորդ գագաթաժողովի, այնպէս ալ մեր ապագայ համագործակցութեան համատեսքին մէջ», ըսաւ Նալպանտեան։