ՀԱՊԿ-Ի ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾԵՆ ՈՒՂՂԱԹԻՌՆԵՐՈՒ ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՑԱՆՑ ՄԸ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մասնակից երկիրները պիտի համագործակցին ուղղաթիռներու նորոգման կեդրոններու ցանցի մը ստեղծման ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Միլեքս-2017» պաշտպանական ոլորտի ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը՝ Ռուսաստանի կողմէ արտադրուած ուղղաթիռներու նորոգման կեդրոններու ցանցի ստեղծման ուղղութեամբ համագործակցութեան շուրջ։

Ըստ «Ռուսաստանի ուղղաթիռներ» հոլտինկի աղբիւրներուն կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, բանակցութիւններու արդիւնքին ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու պաշտպանական-արդիւնաբերական համալիրներու ձեռնարկութիւններուն միջեւ ստորագրուեցաւ համապատասխան շրջանակային պայմանագիրը։ Ստեղծուելիք ցանցը պիտի ծառայէ թէ՛ ուղղաթիռներու վերանորոգութեան եւ թէ անոնց թեքնիկ սպասարկման։

ՀԱՊԿ-ի ձեւաչափով համագործակցութեան քննարկումներուն ծիրէն ներս շօշափուեցան նաեւ կառոյցի ռազմատնտեսական համագործակցութեան միջազգային յանձնաժողովին առընթեր գործարար խորհուրդի նիստին աշխատանքները։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017