ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԿՈՉԵՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խըմ-բակի համանախագահները աւարտեցին իրենց հերթական ուղեւորութիւնը՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Միջնորդները, որոնք նախորդ շաբաթավերջին այցելած էին Հայաստան եւ Արցախ, երէկ ալ Պաքուի մէջ տեսակցեցան Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այսպէսով անոնք աւարտեցին իրենց շրջայցը եւ ըստ նախատես-ւածին՝ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։

Ինչպէս հաղորդած էինք, համանախագահներու Պաքուի շփումներուն ընդառաջ՝ շաբաթավերջին Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը բարձրացաւ։ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ նահատակուեցաւ չորս հայ զինուոր։ Այս իրադարձութիւնները, բնականաբար, պայմանաւորեցին միջնորդներու Պաքուի շփումներուն մթնոլորտը։ Ալիեւ համանախագահներուն հետ տեսակցեցաւ, իր կողքին ունենալով Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովը։ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին։ Ալիեւի հետ հանդիպելէ վերջ Մինսքեան խմբակի համանախագահները ԵԱՀԿ-ի մամլոյ գրասենեակին միջոցաւ հրապարակեցին իրենց յայտարարութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անոնք Պաքուի մէջ խոր մտահոգութիւն յայտնեցին վերջին դէպքերուն առընչութեամբ։ Միջնորդները Պաքուի բանակցութիւններուն ընթացքին խոր մտահոգութիւն յայտնեցին հրադադարի դրութեան խախտման վերջին դէպքերուն շուրջ։ Անոնք Ատրպէյճանի ղեկավարութեան դիմեցին՝ խուսափելու համար ապագայ լարուածութենէն։ Համանախագահները նոյն պատգամը յղեցին նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն։ Անոնք կողմերը կը խրախուսեն՝ ձեռնարկել միջոցներու, որոնք լարուածութիւնը պիտի նուազեցնեն շփման գծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան միջազգային սահմանին վրայ։ Պաքուի եւ Երեւանի մէջ համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղած են բարեխղճօրէն եւ քաղաքական կամք ցուցաբերելով վերստին մասնակցութիւն բերել բանակցութիւններուն։ Ըստ իրենց սա միակ եղանակն է, որու միջոցաւ հնարաւոր է ապահովել տեւական խաղաղութիւն տարածքաշրջանի ժողովուրդներուն, որոնք արժանի են յառաջընթացի եւ հակամարտութեան կարգաւորման, ունենալով այդ ակնկալութիւնները։

Ըստ համատեղ յայտարարութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները մտադրութիւն յայտնած են քաղաքական երկխօսութեան վերսկսելու համար՝ նպատակ ունենալով գտնել փոխադարձ զիջումներով լուծում մը կարգաւորման ամենավիճայարոյց հարցերուն համար։

Նոյն յայտարարութիւններուն մէջ համանախագահները տեղեկացուցին, որ 3 Յուլիսին պիտի այցելեն Վիեննա՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամներուն տեղեկութիւն փոխանցելու համար իրենց այս վերջին շրջագայութեան մասին։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ կը ծրագրեն շուտով վերստին հանդիպիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ՝ քննարկելու համար յառաջիկայ աշխատանքի ձեւաչափերը։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017