ԵՐԵՒԱՆԻ ԳԻՆԻԻ ՕՐԵՐ

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գինի արտադրող շուրջ 25 ընկերութիւններ վերջերս հանդէս եկան հետաքրքրական նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, «Երեւանի գինիի օրեր» անուանեալ ծրագրով մը անոնք ներկայացուցին իրենց արտադրանքը, ինչ որ ստեղծեց լայն արձագանգ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մայրաքաղաքի Սարեան փողոցի Թումանեան-Փուշքին խաչմերուկներու հատուածին կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։ Այդ հատուածը բազմատեսակ գինիներու, անուշաբոյր ուտելիքներու եւ ռիթմիկ երաժշտութեան հարթակի մը վերածուեցաւ։ Երկօրեայ ծրագրին մասնակիցները առիթ ունեցան համտեսել աւելի քան 200 տեսակ գինի։

«Երեւանի գինիի օրեր»ու կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ տարուեցան «Էվենթուրա» ընկերութեան կողմէ։ Այս վերջնոյն համահիմնադիր ու տնօրէն Մերի Բադալեան յայտնեց, որ այս տարի երկրորդ անգամ կազմակերպուած է ձեռնարկը։ Գինի արտադրող ընկերութիւնները ծրագրին նկատմամբ կը ցուցաբերեն մեծ հետաքրքրութիւն։ Մերի Բադալեանի համոզմամբ, այս ծրագիրը լաւ հնարաւորութիւն մըն է նաեւ զբօսաշրջիկներու տեսակէտէ։ Արդարեւ, մշակութային կոթողներ տեսնելու առընթեր անոնք կը փափաքին նաեւ տօնակատարութիւններու մասնակից դառնալ։ «Ինչպէս գիտէք, ամբողջ աշխարհի մէջ կը զարգանայ իրադարձային զբօսաշրջութիւնը։ Եթէ մենք հետաքրքրական իրադարձութիւններ չստեղծենք, զբօսաշրջիկները պիտի յոգնին անընդհատ նոյն տեղերը երթալէ։ Մենք կը փափաքինք այս գինիի օրերը դարձնել Հայաստանի մեծ ծաւալով ձեռնարկներէն մին», ըսաւ Բադալեան։

Գինի արտադրող գործարաններու ներկայացուցիչներն ալ դրական կ՚արտայայտուին այս մասին։ Անոնք կը մատնանշեն, որ վերջին տասն տարիներուն գինեգործութեան ոլորտը մեծ զարգացում ապրած է Հայաստանի մէջ։ Իսկ այսպիսի փառատօնները նաեւ կենցաղագիտական նշանակութիւն ունին։ Մարդիկ կը ծանօթանան գինիի մշակոյթին, կը սորվին գինի խմել ու մանաւանդ գինին համադրել սնունդի հետ։ Հայ սպառողները հետզհետէ սկսած են հայկական գինիները գերադասել ներածուածներէն։ Իսկ արտասահմանեան շուկաներէն ներս կը բարձրանայ հայկական արտադրանքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը։

Մինչ այդ, «Երեւանի գինիի օրեր»ուն մասնակցած զբօսաշրջիկներն ալ դրական տպաւորութիւն յայտնած են հայկական գինիներուն եւ ընդհանրապէս այս ծրագրին մասին։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018