ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒ ԻՆԿԼԸՆՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՔԵՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊՈՍՏՈՆԻ ՄԷՋ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Ինկլընտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ վերջերս յոբելենական հանդիսութիւններու շարք մը սկսաւ Պոստոնի մէջ։ Այս շարքի առաջին փուլին կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ շուրջ 300 հոգի։ Ներկաներու շարքին էին հոգեւորականներ, ՀԲԸՄ-ի երիտասարդ արհեստավարժներէն ներկայացուցիչներ, հայկական տեղական կազմակերպութիւններէ դէմքեր, ՀԲԸՄ-ի բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր։ Բոլորը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալ-ւեցան ՀԲԸՄ-ի Նիւ Ինկլընտի շրջանի ղեկավարութեան կողմէ։ Յոբելենական ձեռնարկին մասնակցութիւն բերին նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ իր կարգ մը ընկերները՝ Վազգէն Եագուպեան, Նուպար Աֆէեան, Անի Մանուկեան, Արտա Յարութիւնեան եւ այլք։ Արա Պալըքեանի կողմէ գլխաւորուած ՀԲԸՄ-ի Նիւ Ինկլընտի մասնաճիւղը յոբելեանի առթիւ Նուպար Աֆէեանին եւ Քրիստինէ Կիւլէսէրեանին շնորհեց «Կլոպալ գերազանցութեան» մրցանակ մը։

Արա Պալըքեան յոբելեանի շարժառիթով շեշտեց, որ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Ինկլընտի մասնաճիւղին տեսակէտէ կը սկսի նոր շրջան մը, որու առանցքը կը կազմէ զարգացման ձգտումը։ Այս ամբողջին մէջ ան ապագայի ուղղեալ ծրագրերու յաջողութեան գրաւականը համարեց աշակերտներուն ու ՀԲԸՄ-ի երիտասարդ արհեստավարժներուն հետ տարուելիք աշխատանքը։

Իր կարգին, Պերճ Սեդրակեանն ալ շեշտը դրաւ երիտասարդ արհեստավարժներուն վրայ՝ այս նիւթը համարելով առանձնայատկութիւն մը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի զարգացման, ինչ որ ՀԲԸՄ-ի հիմնական առաջնահերթութիւններու շարքին է։ Արդարեւ, հայկական սփիւռքը չի կրնար ապագայ ունենալ առանց Հայաստանի։

Յոբելենական տօնակատարութիւնները տեղի ունեցաւ MIT-ի «Սամպերկ» համագումարներու կեդրոնէն ներս։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018