ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐ

Յայտնի պատմաբան, Մասաչուսեցի «Քլարք» համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Թանէր Աքչամ յայտարարեց. «Բաւարար չէ, որ մենք գիրք հրատարակենք, Հայաստան պէտք է լծակներ ունենայ Թուրքիոյ վրայ ազդելու համար»։

Թանէր Աքչամ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան, ուր կազմակերպուած է իր հեղինակած գիրքերէն մէկուն հայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը։ Կեցութեան ընթացքին ան հարցազրոյց մըն ալ տուած է tert.am կայքէջի աշխատակիցներէն Հռիփսիմէ Յովհաննիսեանին։ Այս առթիւ ան ըսած է հետեւեալը. «Հայոց ցեղասպանութիւնը գիտական շրջանակներէ ներս հաստատուած փաստ մըն է Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ։ Բաւարար չէ, որ մենք գիրք հրատարակենք։ Քաղաքական գործիչները պէտք է արձագանգեն այդ բանին։ Քաղաքական գործիչները պէտք է մեր բացայայտումները օգտագործեն իրենց քաղաքականութեան հիմքին մէջ։ Անոնք պէտք է մեր փաստերը օգտագործեն իրենց քաղաքական ծրագրերուն, քաղաքական բանակցութիւններուն մէջ։ Հայաստան փոքր երկիր մըն է եւ Հայկական սփիւռքն ալ այդքան ուժեղ չէ, հակառակ ընկալումներուն։ Ես սա գիտեմ՝ Միացեալ Նահանգներէն։ Շատ փոքր փոքրամասնութիւն մըն է եւ չունի ազդեցութիւն քաղաքական որոշումներու վրայ։ Իրական խնդիրը այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հակառակ իր վարած լաւ քաղաքականութեան, չունի շատ լծակներ Թուրքիոյ դէմ։ Դժբախտաբար, միջազգային հարթակի վրայ բարոյականութեան համար տեղ չկայ։ Անոնց համար կարեւոր չէ, որ հարիւր տարի առաջ 1.5 միլիոն հայեր բնաջնջուեցան եւ սա մեծ ցեղասպանութիւն էր, որովհետեւ սա չ՚ազդեր քաղաքականութեան վրայ։ Պետութիւններու քաղաքականութիւնները կը հիմնուին իրենց շահերուն վրայ։ Հիմնական հարցը այն է, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ ամենամեծ շահը՝ հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պարագային։ Ինչո՞ւ պէտք է Թուրքիա ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը, ի՞նչ պիտի շահի այդ գործընթացէն»։

Թանէր Աքչամ նշած է, որ ճանաչման գործընթացին մէջ բարոյական փաստարկները դեր չեն խաղար։ Ան շատ վատ համարած է իրողութիւնները նման նիւթական ձեւով ձեւակերպելը։ Յայտնի պատմաբանը իր յայտարարութիւններուն մէջ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին բերումով ալ Թուրքիա կը գտնուի Ատրպէյճանի ճնշման տակ։ «Ատրպէյճան կը ճնշէ Թուրքիոյ վրայ, Ատրպէյճան պատանդ վերցուցած է Թուրքիան։ Մինչեւ որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը չլուծուի, Ատրպէյճան պիտի շարունակէ ճնշել Թուրքիոյ վրայ», ըսած է Թանէր Աքչամ, որու համոզմամբ՝ Թուրքիոյ տեսակէտէ ճանաչումը անհրաժեշտ է ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերը լուծելու համար։ Թուրքիոյ շահերէն կը բխի ունենալ կայուն ժողովրդավարական հասարակութիւն մը։

Թանէր Աքչամ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի հեռանկար մը չի տեսներ, որովհետեւ այս բանը կախում չունի Հայաստանէն։ «Այս հարցի պատասխանը կրնայ տրուիլ Անգարայի մէջ, սակայն որքան ես կը հասկնամ՝ Անգարա վաղուց որոշած է այդ ուղղութեամբ այլեւս քայլ չառնել», ըսաւ Թանէր Աքչամ եւ աւելցուց, որ Թուրքիա պիտի չփոխէ իր վերաբերմունքը հայկական հարցի կամ իր սեփական պատմութեան պարագային։

Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018