ԱԼԻԵՒԻ ՓԱԿՈՒՂԻՆ
Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդները երէկ համատեղ ժողով մը գումարեցին Երեւանի մէջ։ Նիստը գլխաւորեցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան։ Օրակարգի հարցերու քննարկումէն առաջ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան հանդէս եկան ելոյթներով։ Փաշինեան այս առթիւ մատնանշեց, որ տեղի կ՚ունենար Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու թիւով 4-րդ համատեղ նիստը։ Ըստ իրեն, սա արդէն հաստատուած ձեւաչափ մըն է, որով կը քննարկուին Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան օրակարգի զանազան հարցերը։ Ստեփանակերտի մէջ վերջերս ձեւաւորուած է նոր ղեկավարութիւն, նաեւ նոր անվտանգութեան խորհուրդ։ Փաշինեան ըսաւ. «Արցախի իշխանութիւններու ներգրաւումը բանակցութիւններու բովանդակային հարցերուն՝ առարկայական անհրաժեշտութիւն է, որմէ խուսափիլը առաւել կը ձգձգէ հակամարտութիւնը, որ առանց այդ ալ ձգձգուած է։ Ակնյայտ է, որ հակամարտ կողմերը ունին իրերամերժ դիրքորոշումներ առանցքային շարք մը հարցերու մէջ եւ եթէ անկեղծ ըլլանք, ապա շատ աւելի դիւրին է ըսել ո՛ր հարցերու մէջ համաձայն չենք Ատրպէյճանի հետ, քան ո՛ր հարցերու մէջ կրնանք համաձայնութեան հասնիլ։ Այս իրավիճակը ունի առերեւոյթ բազմաթիւ վիճակներ, բայց եթէ պահ մը փորձենք զանոնք ընդհանրացնել, ապա ակնյայտ կը դառնայ, որ մենք կը բախուինք երկու հիմնական խնդրի։ Առաջին խնդիրը արդէն նշեցի, կը վերաբերի Արցախի իշխանութիւններու հետ բանակցելու Ատրպէյճանի ներկայ իշխանութիւններու դժկամութեան։ Ինչո՞ւ կը շեշտեմ ներկան, որովհետեւ այս դահլիճին մէջ կան մարդիկ, որոնք ոչ միայն բանակցած, այլեւ փաստաթուղթեր ստորագրած են Ատրպէյճանի նախկին, աւելի ճիշդ այն ժամանակուայ իշխանութիւններուն հետ, ընդորում նաեւ Հայտար Ալիեւի նախագահութեան շրջանին։ Երկրորդ՝ Ատրպէյճան չի հրաժարիր առաւելապաշտպան կեցուածքէ եւ հաշտութեան գործընթացը կը դիտարկէ՝ որպէս իր բոլոր պահանջներու աստիճանական կատարման միջոց։ Այսինքն, ո՛չ թէ փոխադարձ զիջումներու հասնելու միջոց, այլեւ՝ իր բոլոր պահանջներու աստիճանական կատարման միջոց։ Արդէն չ՚ըլլար ու պիտի չըլլայ։ Բանակցային գործընթացը մէկ կամ երկու ընդմիջումով պատուէրով համերգ մը չէ։ Խաղաղութիւնը կ՚ենթադրէ փոխադարձ զիջման հասնելու պատրաստակամութիւն եւ համապարփակ լուծումներ։ Այդ իսկ պատրաստակամութիւնը նկատի ունենալով՝ ես առաջ քշած էի այդ բանաձեւը, ըստ որու Արցախի հարցի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Ղարաբաղի ժողովուրդի համար, Հայաստանի ժողովուրդի համար եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդի համար։ Այս բանաձեւը ոչ այլ ինչ է, քան փոխադարձ զիջման հնարաւորութիւնը ընդունելու առաջարկ։ Կը կրկնեմ՝ հնարաւորութիւնը ընդունելու առաջարկ, այլ ոչ թէ յստակ զիջումի մը ընդունուիլը, ինչ որ տակաւին հեռու է ձեւաւորուած ըլլալէ իմ նշած պատճառներով։ Չընդունելով իմ առաջարկը՝ Ատրպէյճանի նախագահը չ՚ընդունիր ընդհանրապէս որեւէ փոխադարձ զիջումի հնարաւորութիւն։ Եւ ուրեմն ակնյայտ է, որ մենք չենք կրնար նման մօտեցումներով ակնկալել բանակցային գործընթացէ ներս իսկական յառաջընթաց՝ յատկապէս, երբ անոնք կ՚ուղեկցուին պատերազմի սպառնալիքներով կամ հայ ժողովուրդի հասցէագրուած տարածքային կամ պատմական, ուղղակի կամ անուղղակի պահանջներով»։
Ելոյթի տեւողութեան Նիկոլ Փաշինեան բացատրեց, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը հայ-ատրպէյճանական անժամկէտ լայնածաւալ թշնամութեան վերածելու փորձերը, ուր ժողովուրդները իրարմէ կը վիճարկեն ամէն ինչ՝ անցեալը, ներկան, ապագան եւ ամբողջ տարածքաշրջանը, վստահաբար չի բխիր թէ՛ հայ եւ թէ ատրպէյճանցի ժողովուրդներու շահերէն։ Փաշինեան ապա մատնանշեց, որ իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին, այսինքն՝ վերջին հարիւր տարուայ տեւողութեան, Ատրպէյճան ենթարկուած է երկու մեծ փորձութեան։ Անոնցմէ առաջինը՝ 1920 թուականի ապրիլին էր, երբ Ատրպէյճան կորսնցուցած էր իր երկու տարի առաջ ձեռք բերած պետականութիւնը։ Միւսը՝ 1991 թուականի յունիսին էր, երբ ան վերստին մօտեցած էր երկու տարի առաջ ձեռք բերուած պետականութեան կորուստի եզրագծին։ Փաշինեան շարունակեց.
«Ատրպէյճանի պետականութեան համար այս երկու փորձութիւնները պայմանաւորուած էին թէ՛ 1920 թուականին եւ թէ 1991 թուականին Արցախի դէմ սանձազերծած պատերազմով։ Պարզ է, որ թէ՛ 1920 եւ թէ 1990-ականներու սկիզբին Ատրպէյճան գերագնահատած է իր կարողութիւնները եւ թերագնահատած՝ պատերազմի կործանարար հետեւանքները։ Ես հեռու եմ այն միտքէն, թէ Ատրպէյճանի համար վատ ամէն ինչը լաւ է Արցախի եւ Հայաստանի համար։ 1920 թուականին Ատրպէյճանի պետականութեան կորուստը, մեզի՝ հայերուս ոչինչ տուաւ։ Եւ առաւել կարեւոր է, որ 1994 թուականին մենք՝ Հայաստան եւ Արցախ, կարողացանք Ատրպէյճանի հետ միասին հրադադար հաստատել, վերջ տալ պատերազմին եւ կայունացնել իրավիճակը տարածքաշրջանէն ներս։ Հայաստանի եւ Արցախի միասնական անվտանգութեան համակարգը առաւել քան պատրաստ է պաշտպանելու հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը՝ մեր հայրենիքի իւրաքանչիւր հատուածէն ներս։ Ուժի կիրառումը անհետեւանք չի մնար եւ անոր մշտապէս պիտի տրուի առաւել քան համարժէք պատասխան թէ՛ ռազմական եւ թէ քաղաքական հարթութիւններու վրայ։ Սա կը հասկնայ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ, ըստ էութեան, ինքզինք դրած է փակուղիի մէջ։ Աւելի քան 15 տարիէ ի վեր ան սեփական ժողովուրդին խոստացած է ռազմական ճանապարհով լուծել Ղարաբաղի հարցը։ Այս վերնագրին ներքեւ կը ծախսուին միլիառաւոր տոլարներ, որոնք շատ յաճախ ուղղակի գումարներու լուացման տպաւորութիւն կը գործեն եւ ի վերջոյ կը հանգրուանեն օֆշորային գօտիներու յայտնի մարդոց պատկանող հաշիւներուն։ Ան հիմա չի կարողանար սեփական ժողովուրդին բացատրել, թէ ինչու է իրականութիւնը այսպէս։ Ան կը հասկնայ, որ իր հաւանական արկածախնդրութիւնը ո՛չ միայն անդառնալի աւերներ պիտի բերէ Ատրպէյճանին, այլեւ՝ պիտի կազմաքանդէ իր հակաժողովրդական իշխանութիւնը։ Ու մարդոց ուշադրութիւնը շեղելու համար, այս փակուղիէն դուրս գալու համար, ան կը բարձրացնէ իր յայտարարութիւններու ջերմաստիճանն ու ընդգրկումը՝ անցեալի ձախողումները փորձելով փոխարինել ապագայի վերաբերեալ նոր ու աւելի անհեթեթ խոստումներով»։
Ժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ միջոցէ մը ի վեր Պաքուի կողմէ հրահրուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան» նախաձեռնութեան եւ ըսաւ. «Ես կ՚ուզեմ այս իսկ իմաստով ընդգծել, որ մենք խօսելով ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի կայունութեան մասին, անվտանգութեան մասին, ըստ էութեան, կը խօսինք մեր ամբողջ տարածքաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան մասին։ Այս առումով Հայաստան կը դառնայ ո՛չ միայն ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի, այլեւ մեր ամբողջ տարածքաշրջանի անվտանգութեան երաշխաւորը։ Այս առումով, կը կարծեմ, մենք պէտք է առանձնայատուկ պատասխանատուութեամբ վերաբերուինք մեր այս տարածքաշրջանային դերին նկատմամբ եւ ըլլանք ուժեղ, ամուր, բայց նաեւ չտարուինք անիմաստ եւ անհեթեթ սադրանքներէ»։
Ելոյթի եզրափակիչ բաժնին մէջ Փաշինեան կոչ ուղղեց՝ զերծ մնալ թշնամական գործողութիւններ քարոզելէ։ «Ուզենք թէ չուզենք՝ պատմութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը մեզի դարձուցած են հարեւաններ։ Մենք պէտք է մեկնակէտ ունենանք այն պարզ ճշմարտութիւնը, թէ մեր ժողովուրդները իրաւահաւասար են, չեն կրնար ըլլալ իրարու տիրապետութեան ներքեւ եւ պէտք է իրենց ճակատագիրը տնօրինեն՝ ըստ իրենց կամքի, ինքնորոշման իրաւունքի։ Այս իրաւահաւասարութեան ընդունումը մեծապէս պիտի նպաստէ մեր ժողովուրդներու խաղաղութեան նախապատրաստման եւ մեր տարածքաշրջանի երկարաժամկէտ ու կայուն զարգացման յուսալի հիմքերը պիտի դնէ», եզրափակեց Փաշինեան։
Իր կարգին, Արայիկ Յարութիւնեանն ալ նշեց, որ Հայաստան եւ Արցախ խնդիր ունին շարունակաբար բարելաւելու իրենց ռազմավարական դիմադրութիւնը։