ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լուիճի Տի Մայիոն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երկու նախարարներու բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Արեւելեան Միջերկրականի կացութիւնը, մանաւանդ Լիպիոյ իրադարձութիւնները։ Չավուշօղլու տեղեկացուց, որ Թուրքիա եւ Իտալիա պիտի շարունակեն միասնաբար աշխատիլ՝ Լիպիոյ մէջ մշտական խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։
Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Իտալիա նուրբ դերակատարութիւն մը իրականացուցած է եւ որդեգրած՝ հաւասարակշռուած դիրքորոշում մը։ Թուրքիա այսուհետեւ Լիպիոյ վերաբերեալ բոլոր հարթակներուն վրայ կը ձգտի տեսնել Իտալիան եւ այս մօտեցումը բաժնած է այլ երկիրներու հետ՝ ներառեալ Ռուսաստանը։
Ըստ Լուիճի Տի Մայիոյի, տեւական հրադադար մը պէտք է հաստատուի Լիպիոյ մէջ։ Կողմերը պէտք է դադրեցնեն զէնք գնելը, դաշտի վրայ վարձկաններ պէտք չէ գտնուին եւ ականազերծում պէտք է կատարուի՝ կանխելու համար քաղաքային ժողովուրդէ մահերը։ «Լիպիա այլեւս պէտք է դադրի անվտանգութեան սպառնալիք մը ըլլալէ Եւրոպայի եւ Իտալիոյ համար։ Ուստի, պէտք է գտնել քաղաքական լուծում մը», յայտարարեց իտալացի նախարարը Անգարայի մէջ։
Ասուլիսի ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու մատնանշեց նաեւ, որ Արեւելեան Միջերկրականը պէտք է ըլլայ համագործակցութեան միջավայր մը։