ՎԱՂԸ՝ ՎՃԻՌ

Երէկ, Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի Շէնգաւիթի մասնաճիւղէն ներս շարունակուեցաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի վերաբերեալ դատավարութիւնը։ Սա անոր խափանման միջոցը յստակեցնելու ուղղեալ քննութիւն մըն է։ Պատկան մարմինները դատական իշխանութիւններէն կը պահանջեն վճիռ արձակել՝ որպէսզի Գագիկ Ծառուկեան բանտարկուի։

Ինչպէս նախորդ օրերուն, այնպէս ալ երէկ Գագիկ Ծառուկեան մասնակցեցաւ դատավարութեան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, դատավարութենէն վերջ ան յայտնեց, որ դատակազմը անցած է խորհրդակցական սենեակ։ Ծառուկեանի մասին վճիռը պիտի արձակուի կիրակի։

Բաց աստի, Գագիկ Ծառուկեանի փաստաբաններն ալ նշեցին, որ ներկայացուած միջնորդութիւնը անհիմն է։ Անոնք յոյս յայտնեցին, թէ դատարանը կը մերժէ բանտարկութեան պահանջը։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2020