ԲԱՐԴ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ մէկ կողմէ կան խաղաղութեան պայմանագրի որոնումներ, իսկ միւս կողմէ հրահրուած լարուածութիւններուն հետեւանքով կը կուտակուին հարցականներն ու մտահոգութիւնները։ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ամառային նստաշրջանին Ատրպէյճանի երեսփոխաններէն Սամէտ Սէյիտով յայտնեց, որ յաջորդ շաբաթ նախատեսուած են Հայաստանի հետ բանակցութիւններ։ Ան մանրամասնութիւններ չհաղորդեց, թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ ձեւաչափով պիտի ըլլան այդ բանակցութիւնները։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն հաղորդուած էր, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի Ուաշինկթընի յետաձգեալ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկային։ Թէ ա՞յս մասին էր Սամէտ Սէյիտովի ակնարկութիւնը, կամ ուրիշ շփումի մը՝ յայտնի չէ։ «Մենք շատ մօտ ենք իրարու», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ, իսկ յաջորդ շաբաթ բանակցութիւններու նոր փուլ մը տեղի պիտի ունենայ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան այսօր Մինսքի մէջ կը մասնակցի ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, իսկ Ճէյհուն Պայրամով կ՚այցելէ Լոնտոն։
Երեւանէն եւ Պաքուէն միշտ փոխադարձ մեղադրանքներ կը հնչեն՝ հրադադարը խախտելու մասին։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՕՎԵՐՉՈՒՔ
Մինչ այդ, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք տեղեկացուց, որ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը սկսի Երասխ-Ջուլֆա-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի վերականգնումով։ «Կողմերէն ոեւէ մէկը չի կասկածիր, թէ այս ճանապարհի առանձին հատուածները կը յայտնուին տուեալ երկրի իրաւասութեան ներքեւ՝ ուրտեղով որ անցնին», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ այժմ գլխաւոր խնդիրն է, թէ ո՞վ պիտի ապահովէ այդ երթուղիներէն օգտուող մարդոց անվտանգութիւնը։
Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան փոխ-վարչապետներու աշխատանքային խումբի վերջին հանդիպումէն վերջ Երեւան յայտարարած էր, թէ ապաշրջափակման պարագային Հայաստանի տարածքէն ներս սահմանային ծառայութիւնը պէտք է իրականացնէ Հայաստանը։ Մինչդեռ, Պաքու կը պնդէ, որպէսզի Հայաստանի տարածքէն ներս ռուս սահմանապահները հսկեն ճանապարհը։ «Թէ՛ ատրպէյճանցիները եւ թէ հայերը կ՚ըսեն, որ ապաշրջափակման գործընթացէն ներս ամենամեծ յառաջընթացը արձանագրուած է Ռուսաստանի մասնակցած հարթակին վրայ», շեշտեց ան։
ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանն ալ յայտնեց, որ ըստ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութեան, Ռուսաստան ճանապարհներու վրայ պիտի ունենայ դիտարկումի եւ ո՛չ թէ վերահսկողութեան գործառոյթ։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի համար շատ կարեւոր է յստակեցնել սկզբունքները, թէ ապաշրջափակումը պէտք է տեղի ունենայ կողմերու իրաւազօրութեան եւ ինքնիշխանութեան հիման վրայ։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր են նաեւ անվտանգութեան մանրամասնութիւնները, որպէսզի անոնք եւս ըլլան Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան սահմաններուն մէջ։ «Ցարդ մենք չենք յաջողած թուղթի վրայ արձանագրել, որ ապաշրջափակումը պէտք է տեղի ունենայ ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան շրջանակներուն մէջ, բնականաբար, այս հարցին մէջ ապակառուցողական է Ատրպէյճանը», ըսաւ փոխ-նախարարը եւ շեշտեց, որ ապաշրջափակման հարցերու շուրջ մանրամասնութիւններու քննարկումը տակաւին կը շարունակուի։ Պաքուի հետ հաւանական խաղաղութեան պայմանագրին ալ անդրադարձաւ Կոստանեան՝ մատնանշելով, որ առանցքային հարցերու կապակցութեամբ կողմերու տեսակէտները բաւական հեռու են իրարմէ, բայց աշխատանքները պիտի շարունակուին։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի նախարարութիւն կանչուելէն վերջ հայկական կողմը կը սպասէ պաշտօնական արձագանգներու՝ քանի ներկայացուցած է իր դիրքորոշումներն ու մտահոգութիւնները։