ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԽԹԱՆ
Միջազգային կարեւոր պանդոկներու ցանցերը հետզհետէ մասնաճիւղեր կը հաստատեն Հայաստանի մէջ։ Այս շրջագծով, շաբաթավերջին Երեւանի մէջ հանդիսաւորապէս բացուեցաւ «Doubletree By Hilton» պանդոկը։ Պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ բազմաթիւ հիւրեր։
Այս պանդոկը կառուցուած է իտալական «Ռենպօ» ընկերութեան եւ «Doubletree By Hilton»ի միջեւ կնքուած համաձայնագրի արդիւնքին։ Նորակառոյց պանդոկը կը միանայ «Հիլթըն»ի համաշխարհային ցանցին, որ կը գործէ աշխարհի իննսունչորս երկիրներուն մէջ։ Երեւանի կեդրոնին կառուցուած այս պանդոկը կը զբաղեցնէ մայրաքաղաքի նախկին հեծանուայ հրապարակի տարածքը։ Ընդամէնը տասնվեց ամսուան ընթացքին կառուցուած է շէնքը եւ պանդոկի պատասխանատուները շեշտեցին, թէ հակառակ այդ կարճ ժամանակին՝ արդիւնքը եղած է բարձր մակարդակով։ Պատասխանատուները դրուատեցին նաեւ աշխատակազմը։ Նորակառոյց պանդոկը ունի հարիւր եօթանասունվեց սենեակ, զանազան դասակարգերու բաժանումով։ Նոր պանդոկը ունի բաւական յաւակնոտ ճաշարան մը, նաեւ՝ զանազան ժողովներու համար նախատեսուած ութ սրահներ՝ մինչեւ չորս հարիւր հոգիի տարողութեամբ։ Նոր հիւրանոցը ունի գեղեցիկ ներքին ձեւաւորում, արտաքին տեսքն ալ ժամանակակից ու ճաշակաւոր է, կառոյցը օժտուած է նորագոյն փորձագիտութիւններով։
Երեւանի անցեալի հեծանուայ հրապարակի տարածքին վրայ նախատեսուած մեծ ծրագրի մը առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ այս պանդոկը։ Յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին նախագիծը ամբողջութեամբ կեանքի կոչուած պիտի ըլլայ՝ շուրջ 150 միլիոն եւրօ ներդրումով։ Ներկայիս կառուցուած պանդոկի շրջակայքին պիտի կառուցուին երկու բնակելի շէնքեր, գրասենեկային տարածքներ, շէնք մը, խանութներ եւ ինքնաշարժներու համար կայանատեղիներ։ Բացման հանդիսութեան ընթացքին Կարէն Ճշմարիտեան ընդգծեց, որ այս պանդոկը պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման, նաեւ նոր ներդրումներու ներգրաւման։ Ըստ իրեն, այսօր զբօսաշրջիկը ակնյայտօրէն աւելի պահանջկոտ է ու աւելի բարձրաճաշակ։ Հետեւաբար, այդ պահանջները բաւարարելու համար պատշաճ ենթակառուցուածքներ ունենալը դարձած է պարտադիր պայման։ Հայաստանի կառավարութեան վարած քաղաքականութեան արդիւնքին միայն վերջին երեք տարիներուն ընթացքին բացուած է երկու տասնեակ պանդոկ՝ ապահովելով հազար երեք հարիւր սենեակ։
Բացման հանդիսութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան պատասխանատուներուն հետ շրջայց մը կատարեց նորակառոյց պանդոկին մէջ։ Նորակառոյց համալիրը նախագահին ներկայացնելու ժամանակ՝ պատասխանատուները դիտել տուին, թէ պանդոկի անձնակազմը կը բաղկանայ շուրջ երկու հարիւր հոգիէ։