ԹՈՒՍՔ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք այսօր տարածքաշրջանային ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր այցելութեան առաջին հանգրուանին ան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Թուսք աւելի վերջ պիտի այցելէ նաեւ Թիֆլիզ եւ Պաքու՝ մինչեւ Յուլիսի 22-ը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բացի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հիւրընկալուելէ, Թուսք Երեւանի մէջ կը տեսակցի նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ։ Նախատեսուած է նաեւ Սերժ Սարգսեանի եւ Տոնալտ Թուսքի համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Ի պատիւ Թուսքի Սարգսեան կը սարքէ նաեւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը։ Երեւանի մէջ նախատեսուած են նաեւ Թուսքի հանդիպումները՝ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Տոնալտ Թուսք Հայաստանէն կ՚ուղեւորուի Վրաստան, ուրկէ ալ՝ Ատրպէյճան։