ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐ՝ ԴԻՄԱՑԿՈՒՆ ՀԱԼԷՊԷՆ

Անց­նող օ­րե­րուն, սուր­ի­ա­հա­յու­թիւ­նը իր դառն ա­ռօր­եա­յին մէջ յոյ­սի եւ ու­րախու­թեան ե­զա­կի պա­հեր ապ­րե­ցաւ, երբ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու բե­մահար­թակ­նե­րուն վրայ միջ­նա­կար­գի եւ երկ­րոր­դա­կա­նի շր­­ջա­նա­ւարտ հունձ­քե­րու պայ­ծառ ներ­կա­յու­թիւ­նը վա­յե­լեց:

Հա­կա­ռակ Հա­լէ­պի կոտ­տա­ցող վէրքին, հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մեր շր­­ջա­նա­ւարտ­նե­րը ոչ միայն ուսում­նա­կան դա­սա­կան հանգր­ուան մը բո­լո­րե­ցին, այ­լեւ յաղ­թա­հա­րե­ցին ի­րենց յա­ջող ըն­թաց­քը խա­փա­նե­լու կոչ­ուած պա­տե­րազ­մա­կան տա­ժա­նե­լի պայ­մաններն ու ո­րո­շե­ցին շա­րու­նա­կել ուս­ման լու­սա­ւոր ու­ղին: Ա­նոնք 1915-ի 100-ամ­եա­կի սե­րունդ կոչ­ուե­ցան ոչ թէ սոսկ 100-ամ­եա­կին զու­գա­դի­պող շր­­ջա­նա­ւարտ­ներ ըլ­լալ­նուն հա­մար, այ­լեւ տո­գոր­ուե­լու պա­հան­ջա­տի­րութ­եան ոգի­ով ու մեր ստեղ­ծա­գործ ներ­կա­յութիւ­նը ջն­­ջել փոր­ձող ա­րիւ­նար­բու ցե­ղե­րուն դէմ ծա­ռա­նա­լու՝ գի­տութեամբ զին­ուած հս­­կայ փա­ղան­գով:

Եւ ե­ղան տէ­րը ի­րենց կո­չու­մին…:

Մեր շր­­ջա­նա­ւարտ­նե­րէն շա­տեր պե­տա­կան քն­­նու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տե­ցին պատ­ուա­բեր ար­դիւնք­նե­րով. ա­նոնց­մէ մէ­կը Սուր­իոյ մա­կար­դա­կով 5-րդ բարձրա­գոյն գնա­հա­տա­նի­շին ար­ժա­նա­ցաւ: Ե­րե­ւոյթ մը, որ խան­դա­վա­ռու­թիւն յա­ռա­ջաց­նե­լէ ան­դին, ու­սա­նող մեր տար­րին բա­նի­մա­ցու­թեան փաս­տա­ցի վկա­յու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցաւ:

Սո­վո­րա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ, այս ար­դիւնք­նե­րը հա­ւա­նա­բար բնա­կան աշ­խա­տան­քի հե­տե­ւանք հա­մար­ուէ­ին. պա­տե­րազ­մա­կան թո­հու­բո­հին մէջ սակայն, երբ հր­­թի­ռա­կո­ծում­նե­րու տա­րա­փը կը սպառ­նայ իւ­րա­քան­չիւ­րին կեան­քին, երբ կեն­ցա­ղա­յին հա­մես­տա­գոյն պայ­ման­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը անհնար կը դարձ­նէ ապ­րիլն ու ա­րա­րե­լը, երբ ա­հա­բեկ­չա­կան խա­ւա­րա­միտ խմ­բա­ւո­րում­ներ կը քան­դեն մշա­կոյթ, քա­ղա­քակր­թու­թիւն ու գա­զա­նա­բա­րոյ ի­րենց վար­քով կը փոր­ձեն ան­հե­տաց­նել բա­րին ու գե­ղե­ցի­կը մարդ ա­րա­րա­ծին մէջ, շր­­ջա­նա­ւարտ մեր սե­րունդ­նե­րուն յա­ջո­ղու­թիւ­նը հո­սանքն ի վեր թի­ա­վարե­լու խթան կը հան­դի­սա­նայ մեր բո­լո­րին: Ա­նոնք, ի հե­ճուկս եր­կի­րը յե­տամ­նա­ցու­թեան եւ տգի­տութ­եան ճահի­ճին մէջ խրե­լու կոչ­ուած աշ­խար­հա­կալ­նե­րուն, վճռած են.

-Յու­սա­հա­տու­թեան գիր­կը չիյ­նալ:

-Ստեղ­ծա­գործ ներ­կա­յու­թեամբ լուսա­ւո­րել ՄԵ՛Ր աշ­խար­հը:

-Նուիր­ուիլ մեր հա­մայն­քի վե­րա­կանգ­նու­մին, մեր ազ­գի ու հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման նուի­րա­կան գոր­ծին:

Վճռած են ա՛յն տես­լա­կա­նով, որ ծնունդ ա­ռած ու ար­մա­տա­ցած է ա­նոնց գի­տակ­ցու­թեան մէջ՝ շնոր­հիւ մեր վարժա­րան­նե­րու ու­սում­նակր­թա­կան ա­ռողջ մթ­­նո­լոր­տին, հա­յե­ցի դաստ­ի­արա­կու­թեան, ազ­գա­յին ներշն­չու­մին ու մա­նա­ւանդ հա­մա­կարգ­ուած աշ­խատան­քին:

Ուս­տի ճիգ չխ­­նա­յենք նիւ­թա­պէս եւ բա­րո­յա­պէս նե­ցուկ կանգ­նե­լու մեր ու­սա­նող­նե­րուն, ա­պա­հո­վե­լու ա­նոնց բարձ­րա­գոյն ուս­ման բո­լոր տու­եալ­ներն ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, ուղ­ղե­լու զանոնք դէ­պի տար­բեր մաս­նա­գի­տու­թիւն­ներ, ու­նե­նա­լու հմուտ տն­­տե­սա­գէտ­ներ, ի­րա­ւա­բան­ներ, լրագ­րող­ներ, քա­ղա­քա­գէտ­ներ, բժիշկ­ներ, գրա­կա­նա­գէտ­ներ ե­ւայլն:

Մաս­նա­գի­տա­ցած, բա­նի­մաց այս հրա­շա­լի սե­րունդ­ներն են գրա­ւա­կա­նը մեր հա­մայն­քի վե­րա­կանգ­նու­մին:

ԶԱՐՄԻԿ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015