ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Երեւանի Մամլոյ ակումբի հիմնադրութեան 20-ամեակը շաբաթավերջին նշուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Յոբելենական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի Մամլոյ ակումբի նախագահ Պորիս Նաւասարդեան, որ նշեց, թէ աշխատելով լրատուական դաշտէն ներս՝ լրագրողները մեծ դերակատարութիւն ունին հանրութեան հասունացման ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, վերջին երկու տարիները լրագրողներուն տեսակէտէ բաւական լարուած էին՝ հաշուի առնելով աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները, որոնք անխուսափելիօրէն կ՚ազդեն այս մասնագիտական բնագաւառին վրայ։ «Այսօր լրատուական դաշտէ ներս ամենահիմնական հարցը ներքին եւ արտաքին քաղաքական հարցերու լուսաբանման ճանապարհին, ինչպէս նաեւ մեր երկրի զարգացման ուղիներուն մէջ քարոզչութեան ու լրատուութեան տարբերակումն է», յայտարարեց Պորիս Նաւասարդեան։
Ձեռնարկի ընթացքին Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան պարգեւատրեց Պորիս Նաւասարդեանը։ Բաց աստի, յոբելենական տարուան լաւագոյն ու ամենատպաւորիչ լուսանկարին համար մրցանակի արժանացաւ «Ֆոթոլուր» գործակալութեան թղթակից Վահրամ Պաղտասարեան։ «Վալերի Այտինեան» մրցանակին իր հրապարակագրութիւններու շարքով արժանացաւ Վահրամ Մարտիրոսեան։ «Տիգրան Նաղդալեան» մրցանակին արժանացաւ «Արմէնիա» հեռուստաընկերութեան «Ժամը» լրատուական ծրագրի գլխաւոր խմբագիր Գնել Նալպանտեան։ Մարզաշխարհի նկատմամբ թարմ հայեացքի համար՝ Վերա Մարտիրոսեան, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու բարեփոխումները լաւագոյնս լուսաբանելու համար՝ «Հետք» առցանց լրատուամիջոցի աշխատակից Սարա Պետրոսեան արժանացան մրցանակի։ Արզուման Յարութիւնեանն ալ պարգեւատրուեցաւ հանրային կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրները ժապաւէններու եւ ընկերային գովազդի ձեւաչափին մէջ լաւագոյնս ներկայացուցած ըլլալու համար։