ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԲԱՆԲԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի մամ­լոյ քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն ապ­րուե­ցաւ հեր­թի փո­փո­խու­թիւն։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանի նախ­կին բան­բե­րը՝ Ար­ման Սա­ղա­թե­լեան ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն՝ մաս­նա­ւոր հա­տուա­ծի մէջ աշ­խա­տան­քի անց­նե­լու պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ։ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րով ի­րեն յա­ջորդ նշա­նա­կուե­ցաւ Վլա­տի­միր Յա­կո­բեան։ Նո­րան­շա­նակ բան­բե­րը մինչ այդ կ՚աշ­խա­տէր Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվտան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան հա­մա­կար­գէն ներս։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015