ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՄԵՐԳ

Սու­րիա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան միա­ցեալ մար­մի­նը (SARF) կը տե­ղե­կաց­նէ, որ Հա­մազ­գա­յի­նի «Սա­յաթ Նո­վա» երգ­չա­խում­բը եւ «Ա­նի» պա­րա­խում­բը ո­րո­շած են յա­տուկ ե­լոյ­թով մը ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րել սու­րիա­հա­յու­թեան հա­մար կա­տա­րո­ւող նպաս­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Կլեն­տէյ­լի Երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, յառաջիկայ Հոկ­տեմ­բերի 18-ին: Ծրա­գ­րին մէջ ընդգր­կո­ւած պի­տի ըլ­լան հայ­րե­նա­սի­րա­կան-ժո­ղովր­դա­յին եր­գեր ու հայ­կա­կան տոհ­միկ պա­րեր: Ե­րե­կոյ­թի հա­սոյ­թը ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի տրա­մադ­րո­ւի Սու­րիա­հա­յու­թեան շտապ օգ­նու­թեան մար­մնին:

«Չա­փա­զանց խան­դա­վառ եւ զգա­ցո­ւած եմ, որ Հա­մազ­գա­յի­նի «Սա­յաթ Նո­վա» երգ­չա­խում­բի եւ «Ա­նի» պա­րա­խում­բի նման ա­նո­ւա­նի միա­ւոր­ներ ո­րո­շած են սոյն միա­ցեալ ե­լոյ­թով նե­ցուկ կանգ­նիլ բո­լոր այն հա­յե­րուն, ո­րոնք այս օ­րե­րուն կը տառա­պին Սու­րիոյ դա­ժան քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով: Կոչ կ՚ուղ­ղեմ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ներ­կայ գտնո­ւե­լու այս ձեռ­նար­կին ոչ միայն նիւ­թա­պէս օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու, այ­լեւ ցոյց տա­լու այս չա­րի­քի հե­ղի­նակնե­րուն, թէ սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը մի­նակ չէ», այս առ­թիւ յայտ­նեց SARF-ի ա­տե­նա­պետ Ճան Թի­թի­զեան:

Հան­դէ­սի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վար­ներն են Նո­րա Ռու­մեան-Պայ­րա­մեան (երգչա­խումբ) եւ Սու­զի Բար­սե­ղեան-Դար­բի­նեան ու Ե­ղիա Հօ­շա­լեան (պա­րա­խումբ):

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015