Հալէպի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Ռատիոյին
Հալէպահայութիւնը մեծ ցնծութիւն ապրեցաւ՝ ներկայ գտնուելով Սուրիոյ հայկական առաջին ռատիօկայանի, 2011 թուականէն ի վեր գործող եւ իր ձայնը համայն աշխարհին հասցնող, ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶ-ի կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Ըստ «Գանձասար»ի, երկար տարիներու երազը իրականութիւն դարձաւ, Կիրակի՝ Յուլիսի 17-ին, հակառակ պատերազմական ծանր պայմաններուն, խումբ մը երիտասարդներու տքնաջան ու նուիրեալ աշխատանքով սուրիահայութիւնը ունեցաւ իր ձայնասփիւռը՝ ողջ աշխարհին իր ձայնը հասանելի դարձնելու նպատակով:
ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶ-ի կեդրոնին բացման հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Հայաստանի Հալէպի մօտ գլխաւոր հիւպատոսութեան կցորդ Միսաք Բալայեան, Պատկան մարմնի, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, Ազգային իշխանութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Աննա Տէր-Յակոբեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, հոգեւոր հայրեր, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:
Կեդրոնի պաշտօնական բացումը կատարեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանն ու Պատկամ մարմնի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան: Ապա Սրբազան Հայրը կատարեց ջրօրհնէքի եւ կեդրոնի օրհնութեան աղօթք ու այս առիթով ողջունեց մեր ժողովուրդի զաւակները աշխարհով մէկ, նշելով, որ այս ճամբով համայն աշխարհին պիտի սփռենք մեր ապրումները, մեր յոյսը, մեր նուաճումներն ու դժուարութիւնները: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶ-ի կեդրոնին բացումն ու յաջողութիւն մաղթեց այս աշխատանքը իրականացնող բոլոր նուիրեալներուն:
Ապա խօսք առաւ Պատկան մարմնի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան: Ան ըսաւ. «Եթէ ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶ-ը անցեալին երազ էր, ապա այսօր իրականութիւն է: Ճիշդ է, որ հինգ տարիէ ի վեր կը գործէ, սակայն այսօր ունենալով իր կեդրոնը աւելի կազմակերպուած պիտի աշխատի՝ հալէպահայութեան ձայնը, յուզումները փոխանցելով համայն հայութեան: Եթէ ռատիօն այսօր պատերազմի բերումով մեր դժուարութիւններն ու տագնապները պիտի փոխանցէ, ապա ապագային ան պիտի փոխանցէ սուրիահայութեան նոր ծրագիրներն ու վերակառուցման աշխատանքները»: Իր խօսքի աւարտին Իւզպաշեան մաղթեց, որ ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶ-ին ձայնը անխափան մնայ:
Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան «Լեւոն Շանթ» սրահ, ուր ներկայացուեցաւ յատուկ յայտագիր:
Օրուան հանդիսավան էր Յուշիկ Ղազարեան, որ ըսաւ.«Հինգ տարիներ առաջ երբ հիմը կը դրուէր ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶ-ին ոչ մէկը կրնար պատկերացնել, թէ մեր կեանքը ինչպիսի՛ հոլովոյթ պիտի ունենայ Հալէպի մէջ: Ճաբոնական հին անէծք մը կ՚ըսէ. «Հետաքրքրական օրեր ապրիս»: Այսպիսի հետաքրքրական ու պատերազմական ծանր օրեր ապրեցանք անցնող հինգ տարիներուն, բայց որովհետեւ ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶ-ը կը գտնուի Հալէպի մէջ, քաղաք մը, որ անէծքը շնորհքի վերածելու կարողութիւն ունի, որովհետեւ մենք ունինք ձեզի պէս աջակցողներ եւ քաջալերողներ, այդ հետաքրքրական տարիները վերածուեցան դրական գործօնի` նորանոր հորիզոններ նուաճելու: Այդ հորիզոններուն վրայ էր այս կեդրոնի բացման ծրագիրը, զոր վայելեցինք միասնաբար»: Ապա հրաւիրեց ներկաները, յայտագրի աւարտէն ետք այցելելու կեդրոն եւ ծանօթանալու անոր բաժիններուն:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶ-ի պատասխանատու Տքթ. Ռուբէն Գէորգեան, որ ըսաւ. «Ռատիոյի գաղափարը Հալէպի համար նորութիւն չէր, մենք ճիշդ է, որ չունէինք մեր սեփական ռատիօն, բայց 80-ականներուն մեծ հաճոյքով կ՚ունկնդրէինք Երեւանի «Ձայն»ին, ապա նաեւ Կիպրոսի հայկական թողարկումին, ինչպէս նաեւ ծովեզերեայ շրջաններու մէջ դիւրաւ ունկնդրելի լիբանանեան հայկական ռատիօներու հաղորդումներուն: Այնուամենայնիւ զանազան առիթներով մենք աշխատանք տարած ենք ունենալու ռատիօ, սակայն դժուարութիւններ յառաջացած են եւ չենք յաջողած, վերջերս համացանցի ընձեռած առիթներէն օգտուելով՝ 2011-ին սկսանք ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶ-ի սփռումին, որուն աշխատանքները հետզհետէ կազմակերպուեցան եւ մենք ունեցանք նաեւ յատուկ ռատիոկայան-կեդրոն մը»: Ապա ան նշեց, թէ ձայնասփիւռ ունենալը ինքնանպատակ չէ: «Մեր նպատակն է ժողովուրդի զաւակներուն հասանելի դարձնել հայկական ձայնը, խօսքը, միտքը, երգը, արուեստը եւ կը կարծենք, որ ձայնասփիւռը իր տեսակին մէջ այս իմաստով լուրջ միջոց մըն է: ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶ-ը իր կարգախօսը դարձուց «Երազ իմ երկիր հայրենի»ն եւ մենք որոշեցինք սուրիահայութեան ձայնը լսելի դարձնել հայկական աշխարհին, հաւասար մօտիկութիւն ցուցաբերելով բոլոր կողմերուն հետ, փոխարէնը դրական համագործակցութիւն տեսանք, ինչ որ շքանշանի համազօր պարգեւ է մեզի համար: Աշխատակազմը կամաւոր աշխատանքով սկսաւ ու ծրագրուած ձեւով, համերաշխութեամբ շարունակեց իր ծրագիրը՝ միշտ ձգտելով իր առաւելագոյնը ի գործ գնել: Ներկայիս աշխատակազմը ունի քսան նոր ծրագիրներ: Հետեւեցէք ռատոյին եւ պիտի ըմբոշխնէք մեր նորութիւնները»,ըսաւ Տքթ. Գէորգեան ու շարունակեց. «Թէեւ ռատիօն այժմ համացանցի հնարաւորութիւններով կը գործէ, սակայն մենք պետական համապատասխան կողմերուն դիմում ներկայացուցած ենք, որպէսզի ռատիօն սփռուի նաեւ FM ալիքով ողջ Սուրիոյ տարածքին. աշխատանքը ընթացքի մէջ է»:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր կը ներկայացուէր ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶ-ի հիմնադրութեան տարիները, իրականցուող աշխատանքները, անձնակազմը, ծրագիրներն ու կեդրոնի կառուցման հանգրուանները: Հուսկ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը:
Շնորհաւորանքներու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ներկաները շրջեցան նոր կեդրոնէն ներս եւ ծանօթացան ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶ-ի նորակառոյց կեդրոնին: