Հրայր Թերզեանի Անուան Փողոց՝ Իտալիոյ Վերոնա Քաղաքին Մէջ
Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ, Յուլիսի 16-ին, կայացաւ քաղաքի փողոցներէն մէկուն անուանակոչման արարողութիւնը: Փողոցը կոչուեցաւ ջղային հիւանդութիւններու մասնագէտ, Վերոնայի համալսարանի առաջին վերատեսուչ Հրայր Թերզեանի անունով:
Հանդիսաւոր բացման արարողութեան ներկայ էին Վերոնայի քաղաքապետ Ֆլաւիօ Տոզի, Վերոնայի Համալսարանի վերատեսուչ Նիքոլա Սարթոր, Վերոնայի շրջանի փոխ-նախագահ Անտրէա Սարթելլի, Իտալիոյ Հայերու միութեան նախագահ Մինաս Լուրեան, յայտնի գրող եւ Հրայր Թերզեանի կենսագրութեան գրքի հեղինակ Անթոնիա Արսլան, բազմաթիւ ուսանողներ եւ դասախօսներ, ակադեմական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Վերոնայի բնակիչներ։
Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան այս առիթով նշեց, որ Հրայր Թերզեան այն հազարաւոր հայերէն է, որոնք որպէս Մեծ եղեռնէն վերապրողներու զաւակ՝ ո՛չ միայն չյուսահատեցան, այլ նաեւ պահպանելով հայկական ինքնութիւնը՝ կրցան նուիրուիլ նոր հայրենիքին, ուր յարգանքի ու գնահատանքի արժանացան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Վերոնա քաղաքի եւ համալսարանի ղեկավարութեան, որ Հրայր Թերզեանի անունով կոչած էին փողոցը։ Պաղտասարեան շնորհակալութիւն յայտ-նեց նաեւ Հայաստանի մօտ Իտալիոյ նախկին դեսպան Պրունօ Սքափինիի, որ ջանքեր գործադրած էր փողոցի անունակոչութիւնը իրականութիւն դարձնելու ուղղութեամբ։
Վերոնայի քաղաքապետ Ֆլաւիօ Տոզի նկատել տուաւ, որ Թերզեանին անունով կը կոչուի այն փողոցը, ուր յառաջիկային պիտի հաստատուի համալսարանի մասնաճիւղերէն մէկը, աւելցնելով, որ այս քայլը յարգանքի տուրք է ո՛չ միայն վաստակաշատ գիտնականին, այլ նաեւ՝ Վերոնայի ու Իտալիոյ հայ համայնքին, որ ամրօրէն կապուած է իր արմատներուն:
Վերոնայի համալսարանի վերատեսուչ Նիքոլա Սարթոր խօսելով Հրայր Թերզեանին մասին՝ յայտնեց, որ ան իր ամբողջ եռանդն ու գիտելիքները ներդրած էր համալսարանի յառաջընթացը ապահովելու գործին մէջ: