ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի յայ­տա­րա­րեց, որ Ո­ւա­շինկ­թըն եւ Մոս­կուա միա­սին կ՚աշ­խա­տին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վրայ։ NBC-ի տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Ճոն Քե­րի անդ­րա­դար­ձաւ Մոս­կուա կա­տա­րած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած էր Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րիի հետ։ Այդ այ­ցե­լու­թե­նէն ա­ռաջ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, որ ռուս-ա­մե­րի­կեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի ըլ­լայ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ Բայց եւ այն­պէս, յա­ջոր­դած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ըստ էու­թեան ո­րե­ւէ անդ­րա­դարձ չկա­տա­րուե­ցաւ այս հար­ցին։ Ե­րէկ, ու­րեմն, Ճոն Քե­րի ա­ռա­ջին ան­գամ խօ­սե­ցաւ այս նիւ­թին շուրջ։ Ան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին անդ­րա­դար­ձաւ՝ ռուս-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հա­մա­տես­քին մէջ։ Ա­մե­րի­կա­ցի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րին խօս­քե­րով, ԱՄՆ եւ Ռու­սաս­տան շարք մը ուղ­ղու­թիւն­նե­րով կը տա­նին հա­մա­տեղ աշ­խա­տանք, նե­րա­ռեալ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւո­րու­մը։ Ռու­սա­կան աղ­բիւր­նե­րուն մօտ եւս ար­ձա­գանգ գտած է Ճոն Քե­րիի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, թէ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ քննար­կած է այս խնդի­րը։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ Քե­րիի Մոս­կուա այ­ցե­լու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած էր ան­ցեալ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին՝ Յու­լի­սի 14-15-ին։

Ծա­նօթ է, որ ներ­կա­յիս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ կ՚ար­ծար­ծուի ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը՝ ԱՄՆ, Ռու­սաս­տան եւ Ֆրան­սա թափ տուած են ի­րենց միջ­նոր­դա­կան գոր­ծու­նէու­թեան՝ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Դի­ւա­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քի թափ ստա­ցած ներ­կայ մի­ջա­վայ­րին մէջ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ եր­կու հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ։ Այդ տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած են շարք մը ա­ռա­ջարկ­ներ, ո­րոնք քննարկ­ման փու­լի մէջ են՝ մինչ նա­խա­գահ­նե­րու նոր տե­սակ­ցու­թեան հա­ւա­նա­կա­նու­թիւնն ալ օ­րա­կար­գի վրայ է։

ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՐՑԱԽ ԱՅՑԸ

Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Սերժ Սարգ­սեան այ­ցե­լեց Ար­ցախ, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի հետ։ Այս այ­ցե­լու­թիւ­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը, երբ հայ­կա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն մօտ ա­նընդ­հատ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ են հա­ղոր­դում­ներ կամ վեր­լու­ծու­թիւն­ներ, ըստ ո­րոնց հայ­կա­կան կող­մին վրայ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս ճնշում կը բա­նե­ցուի՝ միա­կող­մա­նի զի­ջում­նե­րու սպա­սու­մով։ Այս տե­սան­կիւ­նէն ա­ռա­ւել եւս հե­տաքրք­րա­կան էր Սերժ Սարգ­սեա­նի Ար­ցախ կա­տա­րած վեր­ջին այ­ցե­լու­թիւ­նը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ա­ռըն­թեր տե­սակ­ցած է նաեւ խումբ մը ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու հետ՝ տա­րածք­նե­րու հա­ւա­նա­կան զիջ­ման շուրջ շօ­շա­փե­լով ա­նոնց կար­ծի­քը։

Ղա­րա­բաղ կա­տա­րած աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ղա­րա­բա­ղեան շարժ­ման ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ ու­նե­ցած է փակ հան­դի­պում մը, ո­րուն ըն­թաց­քին, ըստ մաս­նա­կից­նե­րուն, տա­րածք­նե­րու զիջ­ման մա­սին ա­նոնց կար­ծի­քը ու­զած է։

Ե­րեք օր ա­ռաջ կա­յա­ցած հան­դիպ­ման մաս­նակ­ցած է նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­ն:

Ղա­րա­բա­ղեան շարժ­ման ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ռազ­միկ Պետ­րո­սեա­նի հա­մա­ձայն՝ թէեւ Սերժ Սարգ­սեան ը­սած է, որ հայ­կա­կան կող­մին ա­ռա­ջարկ չէ ներ­կա­յա­ցուած Ղա­րա­բա­ղի յա­րա­կից տա­րածք­նե­րը զի­ջե­լու, բայց հե­տաքրք­րուած է այս մա­սին մար­դոց դիր­քո­րոշ­մամբ:

«Ա­մէն մէ­կուս կար­ծի­քը հարց­ուց. 90 տո­կո­սը ը­սին՝ մենք դէմ ենք զի­ջում­նե­րու­ն», «Ա­զա­տու­թիւն»ին յայտ­նած է Պետ­րո­սեան:

1988-ի ղա­րա­բա­ղեան շարժ­ման մաս­նակ­ցած ան­դա­մը հաս­տա­տած է, որ տա­կա­ւին այդ տա­րի­նե­րուն ո­րո­շած են՝ տա­րածք կը զի­ջին միայն ան­կա­խու­թեան դի­մաց: Հի­մա, ա­նոր տպա­ւո­րու­թեամբ, հայ­կա­կան կող­մին միա­կող­մա­նի զի­ջում ա­ռա­ջար­կուած է, ի­րենք այդ մէ­կը չեն ըն­դու­նիր: Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ հայ­կա­կան կող­մին վրայ ճնշում կը բա­նեց­նեն, թէեւ Սերժ Սարգ­սեան, ա­զա­տա­մար­տի­կին հա­մա­ձայն, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ը­սած է, որ նման բան չկայ եւ ին­ք Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման ուղ­ղու­թեամբ կ՚աշ­խա­տի:

Հան­դիպ­ման մաս­նակ­ցած այլ ան­դամ մը, նոյն­պէս ղա­րա­բա­ղեան շարժ­ման աշ­խոյժ մաս­նա­կից Համ­լէթ Գրի­գո­րեա­ն «Ա­զա­տու­թիւն»ին ը­սած է, որ հան­դի­պու­մէն եզ­րա­կա­ցու­ցած են, որ տա­րածք­նե­րու զիջ­ման թե­ման դուր­սէն ար­ծար­ծուած է եւ խայծ է:

«Մենք հող յանձ­նե­լու նպա­տակ չու­նինք, այդ­պէս ալ ը­սինք: Չեն ա­ռար­կած՝ ո՛չ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը, ո՛չ Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գա­հը, ո՛չ նախ­կին նա­խա­գա­հ՝ Ար­քա­տի Ղու­կա­սեա­ն: Ին­ծի թուե­ցաւ, որ թէ­կուզ ի­րենք այդ­պէս ման­րա­մասն չեն ար­տա­յայ­տուած, թուե­ցաւ, թէ բո­լորս ալ նոյն կար­ծի­քին են­ք», ա­ւել­ցու­ցած է Գրի­գո­րեան:

Տա­րածք զի­ջե­լը, ղա­րա­բա­ղեան շարժ­ման ան­դա­մին հա­մա­ձայն, ղա­րա­բաղ­ցի­նե­րուն հա­մար հա­յա­թա­փում կը նշա­նա­կէ, ինչ որ ա­նըն­դու­նե­լի է: Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, ըստ Գրի­գո­րեա­նի, տա­րածք­նե­րու զիջ­ման թե­ման քննար­կե­լու ա­տեն անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է նաեւ ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին կոր­սուած տա­րածք­նե­րուն եւ եզ­րա­կա­ցու­ցած՝ որ ա­նոնք պէտք է վե­րա­դար­ձուին։

Յա­ռա­ջի­կա­յին Սերժ Սարգ­սեան կրկին հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նայ Ղա­րա­բա­ղի մէջ, բայց ա­տոր ժա­մա­նա­կը յստակ չէ։

ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ

Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի Ար­ցախ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս վերջ Բա­կօ Սա­հա­կեան հար­ցազ­րոյց մը տուաւ «lenta.ru» ռու­սա­կան կայ­քէ­ջին։ Ան այս առ­թիւ յայ­տա­րա­րեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի զի­նեալ ու­ժե­րը տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս կ՚ա­պա­հո­վեն խա­ղա­ղու­թիւն եւ կա­յու­նու­թիւն։ Հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Բա­կօ Սա­հա­կեան բա­ցատ­րեց, թէ նոր պա­տե­րազ­մի մը հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը կա­խում ու­նի շարք մը գոր­ծօն­նե­րէ։ Ան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի զի­նեալ ու­ժե­րը դա­սեց այն գոր­ծօն­նե­րու շար­քին, ո­րոնք տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս կ՚ա­պա­հո­վեն խա­ղա­ղու­թիւն ու կա­յու­նու­թիւն։ Նոր պա­տե­րազ­մի հա­ւա­նա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ գոր­ծօն­նե­րուն շուրջ խօ­սե­լով ան ը­սաւ. «Ա­մե­նագլ­խա­ւո­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի մար­տու­նա­կու­թիւնն է եւ հա­կա­մար­տու­թեան ռազ­մա­կան ճա­նա­պար­հով լուծ­ման ա­նըն­դու­նե­լիու­թեան վե­րա­բե­րեալ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան յստակ դիր­քո­րո­շու­մը»։

Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րը ա­ւել­ցուց, որ լայ­նա­ծա­ւալ ու տե­ւա­կան պա­տե­րազ­մը պի­տի դառ­նայ ինչ­պէս Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի, այն­պէս ալ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ ա­ռա­ւել զան­գուա­ծա­յին ա­ղէ­տի մը խթա­նի­չը։

ՀԱ­ՄԱ­ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ­ՆԵ­ՐՈՒ ՊԱ­ՐԱ­ԳԱՆ

Միւս կող­մէ, դի­ւա­նա­գի­տա­կան եր­թե­ւե­կին ստա­ցած թա­փին զու­գա­հեռ՝ Թուր­քիան ալ կը շա­րու­նա­կէ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թիւն եւ հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին նկատ­մամբ։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու այ­ցե­լու­թիւն մը տուած էր Պա­քու՝ ուր հիւ­րըն­կա­լուած էր Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի կող­մէ։ Կող­մե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ, եր­կու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Չա­վու­շօղ­լու տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը պի­տի այ­ցե­լեն Ան­գա­րա։ Որ­պէս ժամ­կէտ՝ նշուած էր, որ միջ­նորդ­նե­րուն այ­ցը այս շաբ­թուան սկիզ­բին պի­տի կա­յա­նար. Եր­կու­շաբ­թի։ Ցարդ Ան­գա­րա­յի աղ­բիւր­նե­րը ո­րե­ւէ հա­ղոր­դում չեն կա­տա­րած այս մա­սին։ Թուր­քիա ներ­կայ շա­բա­թը ար­տա­սո­վոր պայ­ման­նե­րով եւ բո­լո­րո­վին նոր օ­րա­կար­գով մը դի­մա­ւո­րած է՝ զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին հե­տե­ւան­քով։ Ար­դեօք ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւ­նը յե­տաձ­գուա՞ծ է ար­տա­սո­վոր պայ­ման­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, թէ ոչ ի­րա­կա­նա­ցած է։ Այս բո­լո­րին շուրջ տա­կա­ւին յստակ հա­ղոր­դում­ներ չկան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016