ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ԱԼԻՔ
«Հիմնադիր խորհրդարան» կոչուած խմբաւորման զինեալներուն շարժումը կը շարունակուի Երեւանի մէջ՝ եւ անոնց կողմէ բռնագրաւուած ոստիկանական կեդրոնը կը մնայ հանրային կարծիքի կիզակէտին։ Ինքզինքը «Սասնայ ծռեր» կոչած այս զինեալներու խումբին ստեղծած խնդիրը կը բնորոշէ հրատապ օրակարգ, մինչ մտահոգութեան ալիքն ալ կը բարձրանայ։ Երեւանի Խորենացի փողոցին վրայ երէկուընէ ի վեր ատեն-ատեն լարուածութիւնը կ՚աճի, իսկ ցուցարարներուն թիւը տակաւ կ՚աւելնայ։
Հայաստանի ոստիկանութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Խորենացի փողոցի ոստիկանական կեդրոնը բռնագրաւած զինեալ անձերը երէկ կրակ բացած են դէպի օդ։ Ոստիկանութիւնը որեւէ գործողութիւն չէ իրականացուցած անոնց դէմ։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ալ երէկ օրուան երկրորդ կէսին տեղեկացուց, թէ երկրի իրաւապահները կը շարունակեն խտացեալ բանակցութիւնները զինեալ խումբի անդամներուն հետ՝ առանց յատուկ գործողութիւններու իրականացման անոնց իշխանութիւններուն յանձնուիլը կազմակերպելու եւ պատանդներու ազատ արձակման նպատակով։ Իրաւապահ մարմինները հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի զինեալ խումբը զերծ մնայ նոր արիւնահեղութիւններէ եւ անոնք ունին բաւարար ներուժ եւ կարողութիւններ իրենց առջեւ դրուած խնդիրները իրականացնելու համար։ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը բոլորին յորդորեց չմիջամտել իրաւասու մարմիններու բացառիկ գործունէութեան տիրոյթին մէջ գտնուող հարցերու լուծման, չխոչընդոտել անոնց գործողութիւններուն պատշաճ եւ արդիւնաւէտ իրականացումը, այդպէսով իսկ աջակցելով ցանկալի վերջնական արդիւնքի նուաճման։
Ցուցարարներու եւ իրաւապահ մարմիններու միջեւ պատահած լարուածութիւնները այս մտահոգիչ դէպքին շուրջ հանրային կարծիքին ցոլացած միակ դրուագները կը հանդիսանան։ Սակայն մտահոգութիւնները այդքանով սահմանափակ չեն։ Արդարեւ, ստեղծուած ձգտեալ վիճակին զուգահեռ Երեւանի Սարի թաղին մէջ խումբ մը մարդիկ մօտեցան յատուկ պահպանութեան տակ առնուած այդ տարածքը եւ քարերով ու փայտերով յարձակեցան ոստիկաններուն վրայ։ Դէպքին հետեւանքով վիրաւորեալ երեք ոստիկան փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ քրէական գործ յարուցուած է ոստիկաններու դէմ բռնութիւն կատարելու դէպքին առընչութեամբ։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ երէկ արձագանգեց Հայաստանի ներքին քաղաքական այս խնդրին։ Միացեալ Նահագներու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Այսպէս, ամերիկեան կողմը կը դատապարտէ բռնութեան միջոցաւ Հայաստանի մէջ քաղաքական փոփոխութիւններ իրականացնելու փորձերը։ Ամերիկացի բանբերը Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց զսպուածութիւն ցուցաբերել իրավիճակին լուծում մը գտնելու համար։ Ուաշինկթընի համոզմամբ՝ քաղաքական խնդիրներ լուծելու համար անընդունելի է ուժի կիրառումը, փոփոխութիւնները պէտք է իրականացուին ժողովրդավարութեան ճանապարհով։
Մինչ այդ, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ այս դէպքի սկիզբին զոհուած ոստիկանութեան գնդապետ Արթուր Վանոյեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը։