ոչ եւս է Բանաստեղծ Դաւիթ Յովհաննէս
71 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ հայ բանաստեղծ, թարգմանիչ, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Դաւիթ Յովհաննէս:
Դաւիթ Յովհաննէս ծնած է 1945 թուականի Փետրուարի 17-ին Երեւանի մէջ: Աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրութեան բաժանմունքը: Ան աշխատած է Հայաստանի պարբերական մամուլին մէջ, «Հայֆիլմ»ի մէջ, հին եւ արտասահմանեան գրականութեան պատմութիւն դասախօսած է Հայաստանի շարք մը համալսարաններէն ներս: 1975 թուականէն սկսեալ Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ էր: 1980-1990 թուականներուն հայկական հեռուստատեսութեան մէջ վարած է «Նորք» ամենամսեայ գրական հանդէսը: Եղած է «Արեւիկ» հրատարակչութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահը, 1999-2003 թուականներուն՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի 2-րդ գումարման պատգամաւոր:
Յովհաննէս թարգմանած է մերձպալթեան, ռուս, ուքրանացի, ամերիկեան դասական բանաստեղծներու գործեր: Ռուսերէն եւ անգլերէն թարգմանաբար լոյս տեսած են անոր բանաստեղծական երեք ժողովածոները։