ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը ամ­բող­ջու­թեամբ կը բնո­րո­շուի շա­բա­թա­վեր­ջին պա­տա­հած զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին վե­րա­բե­րեալ զգա­յա­ցունց ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան հեր­ձա­տի­րա­կան խում­բին այդ նա­խա­ձեռ­նու­թե­նէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ ար­դէն ան­ցաւ Ան­գա­րա, մինչ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին գոր­ծու­նէու­թիւնն ալ աս­տի­ճա­նա­բար կը վե­րա­դառ­նայ իր բնա­կա­նոն հու­նին։ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թիւն­նե­րուն հեր­թա­կան ժո­ղով­նե­րը։ Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ խորհր­դա­րա­նի շէն­քը ռմբա­կո­ծուած է, մեծ ջան­քեր գոր­ծադ­րուե­ցան, որ­պէս­զի խորհր­դա­րա­նա­կան աշ­խա­տան­քը չկա­ղայ։ Խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու ժո­ղով­նե­րուն շրջագ­ծով, թէ՛ իշ­խա­նու­թեան եւ թէ ընդ­դի­մու­թեան ճամ­բար­նե­րէն շա­րու­նա­կե­ցին հաս­նիլ ներ­դաշ­նակ պատ­գամ­ներ՝ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու եւ ա­նոնց ուղ­ղու­թեամբ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Երկ­րի մեծ քա­ղաք­նե­րու գլխա­ւոր հրա­պա­րակ­նե­րուն վրայ ալ խորհր­դա­րա­նի կա­ցու­թեան հա­մա­հունչ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուած է։ Ժո­ղո­վուր­դը կը շա­րու­նա­կէ միա­հա­մուռ հան­դէս գալ ի պաշտ­պա­նու­թիւն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան։

Հան­րա­յին կար­ծի­քը մօ­տէն կը հե­տե­ւի նաեւ պե­տա­կան մար­մին­նե­րէն ներս ձեռ­նար­կուած ծա­ւա­լուն հար­ցաքն­նու­թեան, որ կը շա­րու­նա­կուի լուրջ թա­փով՝ զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցի մնա­ցոր­դը զտե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Վար­չա­պե­տա­րա­նէն սկսեալ մին­չեւ ՄԻԹ, Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տէն ու Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն սկսեալ, մին­չեւ բա­նա­կի զա­նա­զան ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը՝ դա­տա­խա­զա­կան մար­մին­նե­րը եւ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար յա­ռաջ կը տա­նին այս հար­ցաքն­նու­թիւ­նը, ո­րու շրջագ­ծէն դուրս չեն մնար նաեւ հա­մալ­սա­րան­նե­րը, շարք մը զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րը, դրա­մա­տու­ներ ե­ւայլն։ Այս բո­լոր լծակ­նե­րուն մօտ զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցի մնա­ցոր­դա­ցը դուրս բե­րե­լու հա­մար վիթ­խա­րի աշ­խա­տանք կը տա­րուի, մինչ ժո­ղո­վուր­դի վառ հե­տաքրք­րու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն մօտ բա­ցա­յայ­տում­ներ կը կա­տա­րուին նաեւ Յու­լի­սի 15-ի գի­շե­րը ապ­րուած­նե­րուն եւ հեր­ձա­տի­րա­կան խում­բին նպա­տակ­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։

Վեր­ջին օ­րե­րու զգա­յա­ցունց ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ ե­րէկ զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցան գա­գաթ­նա­յին շփում­ներ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հետ։ Այս­պէ­սով Ո­ւա­շինկ­թըն ա­ռա­ջին ան­գամ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ ար­ձա­գան­գեց Թուր­քիոյ ի­րադ­րու­թեան։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը առ­կայ կա­ցու­թեան շուրջ քննար­կում­ներ ու­նե­ցան եւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ վե­րա­հաս­տա­տուե­ցաւ կող­մե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։

Էր­տո­ղան-Օ­պա­մա հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը ար­դէն թուրք-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ պաշ­տօ­նա­պէս դրաւ նաեւ զու­գա­հեռ ա­հա­բեկ­չա­կան կա­ռոյ­ցի ղե­կա­վար Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձն­ման պա­հան­ջը։ Էր­տո­ղան յստա­կօ­րէն ակն­կա­լեց Կիւ­լէ­նի ետ յանձ­նուի­լը, իսկ Օ­պա­մա ընդգ­ծեց, թէ ա­մե­րի­կեան կող­մը պատ­րաստ է հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Ծա­նօթ է, որ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուն ալ Ո­ւա­շինկ­թըն մեկ­նած էր իր հետ տա­նե­լով հա­մա­պա­տաս­խան թղթած­րար­նե­րը։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, Սպի­տակ տան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ հա­ղոր­դե­ցին, թէ ար­տա­յանձն­ման պա­հան­ջը հա­սած է ի­րենց եւ սկսած՝ ա­նոր ար­ժե­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։

Այ­սօր ամ­բողջ երկ­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը դար­ձեալ կեդ­րո­նա­ցած է Ան­գա­րա­յի վրայ, ուր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը։ Օ­րե­րէ ի վեր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը կը հա­ղոր­դեն, որ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ այս նիս­տէն վերջ պի­տի հրա­պա­րա­կուին շատ կա­րե­ւոր ո­րո­շում­ներ՝ Թուր­քիոյ այժ­մու ի­րադ­րու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016