ՌԱԶՄԱՕԴԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ գի­շե­րուան ժա­մե­րուն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ։ Ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը Հաք­րու­քի շրջա­նէն ներս ռմբա­կո­ծե­ցին ՓՔՔ­-ի թի­րախ­նե­րը։

Անվ­տան­գու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ա­նօ­դա­չու թռչող սար­քե­րը ա­ռա­ջին փու­լին Հաք­րու­քի շրջա­նէն ներս ստու­գե­ցին քսան ա­հա­բե­կիչ­ներ։ Ա­ւե­լի վերջ ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը չէ­զո­քա­ցու­ցին զա­նոնք։

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի մէջ կազ­մա­կեր­պուած այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան «Ֆ-16» ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րով, ո­րոնք շարժ­ման ան­ցան ժա­մը 18.22-ին եւ գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ա­ւար­տին հաս­ցու­ցին ժա­մը 18.43-ին։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2016