ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԷՈՐԿԻ ՔՎԻՐԻՔԱՇՎԻԼԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պէշթէփէի պալատէն ներս ան տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց իր վրացի պաշտօնակիցը։ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Վրաստան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդին ժողովը։ Երկու վարչապետները գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով այս նիստը, որու աւարտին սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Թուրքիոյ եւ Վրաստանի վարչապետներուն գլխաւորութեամբ եւ տասնհինգ նախարարի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս խորհուրդին ժողովը, որ առաջինն էր։
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Պինալի Եըլտըրըմ նշեց, թէ Թուրքիա-Վրաստան յարաբերութիւնները կը զարգանան ամուր հունի մը վրայ։ Ըստ Եըլտըրըմի, Թուրքիա Վրաստանի մեծագոյն առեւտրական գործընկերն է եւ ներկայիս քննարկումները կը շարունակուին՝ առեւտրական յարաբերութիւններու ա՛լ աւելի զարգացման ու ներդրումներու մեծացման հեռանկարներուն շուրջ։
Պինալի Եըլտըրըմի համոզմամբ, տարածքաշրջանէն ներս Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ միւս երկիրներու հզօր ըլլալը կը նշանակէ տարածքաշրջանի խաղաղութեան եւ համաշխարհային եղբայրութեան տեսակէտէ կարեւոր նպաստ մը։ Թուրքիա եւ Վրաստան յաջողած են պատմական իրենց յատուկ կապերը բարձրացնել ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակին՝ որպէս բարեկամ ու հարեւան։ Անդրադառնալով Վրաստանի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին՝ Եըլտըրըմ նշեց, որ այդ ժամանակաշրջանը պետութիւններուն տեսակէտէ շատ երկար չի համարուիր, սակայն այդ ընթացքին Վրաստան տարածքաշրջանէ ներս ի ցոյց դրած է վերափոխում ու տեսլական։
Պինալի Եըլտըրըմ մատնանշեց, որ Թուրքիա Չինաստանէն մինչեւ Եւրոպայի արեւմուտքը՝ պատմական Մետաքսի ճանապարհը անոր միջանկեալ նրբանցքը վերակենդանացնելու եւ Արեւմուտք-Արեւելք ուղղութեամբ ճանապարհները կեանքի կոչելու համար ձեռնարկած էր Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան ծրագրին։ Հիմա շուտով աւարտած պիտի ըլլայ այդ նախագիծը, որու շնորհիւ Չինաստանէն դուրս եկած գնացք մը պիտի կարենայ անխափան հասնիլ Լոնտոն։ Այսպէսով թէ՛ տարածքաշրջանային եւ թէ համաշխարհային մակարդակով աւելի մրցունակ պիտի դառնան տնտեսական գործունէութիւնները։
Անգարայի մէջ Պինալի Եըլտըրըմ վերահաստատեց, որ Թուրքիա մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ։ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ շրջաններու հակամարտութիւններուն համար թրքական կողմը կ՚ենթադրէ խաղաղ ճանապարհներով, տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ լուծումներ։ Թուրքիա առաջնահերթ կը նկատէ այս նպատակները ու պատրաստակամ է ապահովելու ամէն տեսակ զօրակցութիւն։ Ըստ Եըլտըրըմի, տարածքաշրջանի անվտանգութեան տեսանկիւնէն Թուրքիա առաջին իսկ օրէն կը պաշտպանէ Վրաստանի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետը կանգ առաւ նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Վրաստան եռակողմանի համագործակցութեան եւ այդ հիման վրայ տարածքաշրջանային համագործակցութեան ի նպաստ ապահովուած օգուտներուն։ Եռակողմանի այս ձեւաչափով նախագահներու գագաթաժողով մը նախատեսուած է Ատրպէյճանի մէջ։ Սա պիտի ըլլայ նախագահներու երկրորդ հանդիպումը եւ Թուրքիա կը փափաքի ժամ առաջ անոր կատարուիլը։
Պինալի Եըլտըրըմ վրացի վարչապետին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ Ան ընդգծեց, որ թրքական կողմը մտահոգուած է Ապրիլի սկիզբին տեղի ունեցած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով։ «Յայտնեցինք, որ կը կարեւորենք այս խնդրին լուծումը՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջագծով», ըսաւ Եըլտըրըմ ու կանգ առաւ նաեւ տարածքաշրջանէն ներս վերջերս թափ ստացած ահաբեկչական դէպքերուն վրայ։ Այսպէս թուրք-վրացական բանակցութիւններուն ընթացքին վերահաստատուած է ահաբեկչութեան դէմ միջազգային վճռական պայքարի եւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։
Վարչապետը մատնանշեց նաեւ, թէ անցեալ տարի համաշխարհային առեւտուրը ունեցաւ ընդհանուր անկում մը, որու հետեւանքով Թուրքիա-Վրաստան տնտեսական յարաբերութիւններն ու առեւտուրի ծաւալներն ալ կրեցին ժխտական ազդեցութիւն։ Հիմա, երկու երկիրներու տնտեսութեան նախարարները շարժման կ՚անցնին այդ անկումը յաղթահարելու եւ վերստին վերելք մը ապահովելու առաջադրութեամբ։