ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Կառավարութեան կազմին մէջ երէկ տեղի ունեցան կարեւոր փոփոխութիւններ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ օրուան առաջին կէսին Պեշթեփէի մէջ ունեցան երկարատեւ խորհրդակցութիւն մը, որմէ վերջ հրապարակուեցան նոր նախարարներուն անունները։ Այսպէսով Թուրքիոյ Հանրապետութեան 65-րդ կառավարութեան կազմը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ երկրորդ անգամ։ Դահլիճէն դուրս մնացին շարք մը ծանօթ ու փորձառու անուններ, որոնք են՝ Մեհմէտ Մուէզզինօղլու, Նապի Ավճը, Թուղրուլ Թիւրքէշ, Վէյսի Քայնաք, Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ եւ Ֆարուք Չելիք։ Նախարարաց խորհուրդի կազմին մէջ մնացին, սակայն պաշտօնի փոփոխութիւններ ունեցան՝ Նուրետտին Ճանիքլի (ազգային պաշտպանութեան նախարար), Րէճէպ Աքտաղ (փոխ-վարչապետ), Ֆիքրի Ըշըք (փոխ-վարչապետ), Պեքիր Պոզտաղ (փոխ-վարչապետ) եւ Նուման Քուրթուլմուշ (մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար)։
Վերջին փոփոխութիւններով առաջին անգամ կառավարութեան մաս կազմեցին՝ Ահմէտ Տեմիրճան (առողջապահութեան նախարար), Ահմէտ Էշրէֆ Ֆըքըպապա (գիւղատնտեսութեան նախարար), Հաքան Չավուշօղլու (փոխ-վարչապետ), Օսման Աշքըն Պաք (երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարար), Ապտիւլհամիտ Կիւլ (արդարադատութեան նախարար) եւ Ժիւլիտէ Սարըէրօղլու (աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան նախարար)։
16 Ապրիլին տեղի ունեցած Սահմանադրութեան հանրաքուէէն վերջ արդէն շատ հաւանական կը նկատուէր կառավարութեան կազմին մէջ փոփոխութիւն մը։ Հիմա արդէն այդ սպասումները արդարացած են։ Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով, սա այն կառավարութիւնն է, որով ԱՔ կուսակցութիւնը պիտի երթայ 2019 թուականի ընտրութիւններուն։