ԽՈՐ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտարարեց, որ Եւրոպա խաղաղութեան հաստատման ճանապարհին կ՚աջակցի Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին։ Ան համոզուած է, թէ 2024 թուականը շատ կարեւոր է Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման տեսակէտէ։
Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած՝ Եւրոպայի քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովէն վերջ, Օլաֆ Շոլց անդրադարձաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպումներուն։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ ներկայ տարին շատ կարեւոր է տարածաշրջանի խաղաղութեան տեսակէտէ։ Շոլց կարեւորեց Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպումները։ «Սա կրնայ խաղաղութեան տարի մը ըլլալ, եթէ երկու կողմերն ալ իրարու ընդառաջ ապագայ վճռական ու համարձակ քայլեր ձեռնարկեն։ Ընդհանուր առմամբ, Եւրոպան կ՚ուղեկցի Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ իրարու հետ խաղաղութիւն հաստատելու ճանապարհին, ինչ որ երկար կը տեւէ եւ կ՚ապահովէ ամուր համագործակցութիւն հարեւան այս երկու երկիրներուն միջեւ», ըսաւ Օլաֆ Շոլց։
Մոսկուա, որ Արեւմուտքի հետ մրցակցութեան մէջ է նաեւ այս կտրուածքով միջնորդական ջանքերու տեսակէտէ, անհանգիստ է նաեւ Երեւանի եւ Արեւմուտքի միջեւ հետզհետէ խորացող համագործակցութեան բերումով։ Ռուսաստանի դիւանագիտական կամ վերլուածական կառոյցները այս շրջանին հետզհետէ աւելի ահագնացող հակազդեցութիւն ցոյց կու տան հայկական կողմի նախաձեռնութիւններուն դէմ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն յայտարարուեցաւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բանակէն ներկայացուցիչ մը պաշտօնավարել պիտի սկսի Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա այս իրադարձութեան լոյսին տակ ըսաւ. «Հայաստանի ապագան կ՚անհանգստացնէ, ան կրնայ իրավիճակը ապակայունացնել Հարաւային Կովկասի մէջ՝ ներառեալ ի վնաս սեփական անվտանգութեան»։
Զախարովա մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ համատեղ զօրավարժութիւններուն կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ խորացնելով համագործակցութիւնը այն երկիրներուն հետ, որոնք Ռուսաստանի ռազմավարական պարտութեան նպատակը կը հետապնդեն՝ Երեւան լուրջ վտանգ կը ստեղծէ Հարաւային Կովկասէ ներս իրավիճակի ապակայունացման տեսակէտէ՝ ներառեալ սեփական անվտանգութիւնը։ Անդրադառնալով զօրավարժութիւններուն՝ բանբերը շեշտեց, որ սա ոչ միայն ափսոսանք կը յառաջացնէ, այլեւ մտահոգութիւն Հայաստանի ապագային համար։ Արդարեւ, ԱՄՆ-ն ու Եւրոմիութիւնը առաջին անգամ չէ, որ նման մեքենայնութիւններ կ՚իրականացնեն բազմաթիւ երկիրներու հետ։ «Դուք լաւ գիտէք, թէ սա ինչպէս կ՚աւարտի՝ կ՚օգտագործեն, յետոյ կը նետեն», աւելցուց ան։
Բաց աստի, Ռուսաստանի պետական տումայի ԱՊՀ-ի գծով, Եւրոասիոյ համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի առաջին փոխ-նախագահ Կոնստանդին Զաթուլին եւս անդրադարձաւ Հայաստան-Արեւմուտք համագործակցութեան այժմու ընթացքին։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան Արեւմուտքի թեւին տակ կ՚անցնի եւ Ռուսաստան պէտք է խոր եզրակացութիւններ ընէ։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան կասկածելի նկատեց նաեւ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանի ապագան եւ այս կապակցութեամբ յայտնեց խոր մտահոգութիւն։ Սոյն համայնապատկերին վրայ Զաթուլին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակին՝ որոշ չափով թիրախաւորելով Փաշինեանի իշխանութիւնը։
ՍԽԱԼ ՇՐՋԱԴԱՐՁ
Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի Փենսիլվանիա նահանգի «Լիհայ» համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու ամպիոնէն տոց. Արման Գրիգորեան «The National Interest»ին համար գրի առաւ մեկնաբանութիւն մը, որու մէջ շեշտուած է, որ Հայաստան սխալ շրջադարձ մը կը կատարէ դէպի Արեւմուտք։ Ըստ յօդուածին, Հայաստանի մէջ եւ անոր շուրջ ծայր աստիճան տագնապալի բան մը տեղի կ՚ունենայ։ Երկիրը հետզհետէ աւելի ու աւելի կը մօտենայ այն բանին, որ կրնայ դառնալ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ աւերիչ, վտանգաւոր եւ անհարկի առճակատման յաջորդ ասպարէզը։
«Հայաստանի յեղափոխական իշխանութիւնը, ըստ երեւոյթին, Ռուսաստանէն կը շրջուի դէպի Արեւմուտք՝ ընթանալով այն նոյն ճանապարհով, որ նախապէս հարթած էին Վրաստանի եւ Ուքրայնայի գունաւոր յեղափոխութիւնները։ Եթէ դատենք Վրաստանի եւ Ուքրայնայի փորձառութենէն, ապա Ռուսաստան դժուար թէ խոնարհումով արձագանգէ իրադարձութիւններու նման զարգացումներուն։ Իրավիճակը կը սրուի Արեւմուտքի կողմէ Հայաստանի քաղաքականութեան փոփոխութեան հետզհետէ աւելի թափանցիկ խրախուսմամբ, թէեւ ոչ ոք չի հաւատար, թէ Արեւմուտքը կը փափաքի կամ ի վիճակի կ՚ըլլայ ընել աւելին Հայաստանի համար, քան ըրաւ Վրաստանի համար, եթէ Ռուսաստան հանէ իր ձեռնոցները», նշած է յօդուածագիրը։
Փորձագէտը համոզուած է, թէ մինչեւ վերջերս շատ նուազ էին աւելի վստահելի տարբերակները, քան Ռուսաստանի հետ Հայաստանի սերտ միութեան տեւականացումը։ Ըստ իրեն, հաշուի առնելով որոշ հարեւաններու հետ երկրի խնդիրները, խոցելիութիւնը եւ համարժէք այլընտրանքի բացակայութիւնը՝ այդ միութիւնը կը թուէր «պողպատեայ»։ Սակայն քանի մը տարի առաջ այդ բանին մէջ ճաքեր յառաջանալ սկսան եւ այժմ այդ մէկը կը գտնուի փլուզման եզրին։
Մեկնաբանը յիշեցուցած է Նիկոլ Փաշինեանին վերջին յայտարարութիւններէն մին, թէ Հայաստան մտադիր է դուրս գալ ՀԱՊԿ-էն, ուր գերակշիռ դերակատարութիւն ունի Ռուսաստան։