ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ. «ԿՐՆԱՄ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԽԱՂԱԼ»
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատար աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան գերազանց յաջողութիւնով սկսած է ներկայ եղանակին եւ Պորուսիա Տորտմունտի մարզաշապիկով Գերմանիոյ լիկին մէջ կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան։ Պունտեսլիկայէ ներս Հենրիխ Մխիթարեանի արձանագրած յաջողութիւններու լոյսին տակ գերմանական նշանաւոր «Bild» հանդէսը հարցազրոյց մը ըրած է հայկական ֆութպոլի ժամանակակից այս մեծանուն աստղին հետ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հենրիխ Մխիթարեան այս առթիւ ուրախութիւն յայտնեց, որ շատ երջանիկ է իր խումբի կազմէն ներս տեղը վերջնականապէս գտած ըլլալու համար։ «Ես վստահ եմ իմ ուժերէս ու կը զգամ խաղընկերներուս աջակցութիւնը», ըսաւ Մխիթարեան ու շեշտեց, թէ քրտնաջան աշխատանքով մարզուած են նոր եղանակին ընդառաջ։
Պունտեսլիկայի այս տարուան առաջին խաղին Պորուսիա-Տորտմունտ յաղթանակ տարաւ 4-0 արդիւնքով, իսկ Հենրիխ Մխիթարեան արձանագրեց երկու կօլ։ «Չեմ փափաքիր մեծամիտի տպաւորութիւն ստեղծել, բայց կը կարծեմ՝ կրնամ աւելի լաւ խաղալ», ըսաւ Մխիթարեան հարցազրոյցին մէջ։
Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ Անգլիայէն եւ Իտալիայէն բազմաթիւ յառաջատար ակումբներ այս շրջանին կը զբաղին Հենրիխ Մխիթարեանը փոխանցելու հնարաւորութիւններուն։