Պարոնուհի Քերըլայն Քոքս Ուխտագնացութիւն ԿազմակերպԵՑ Դէպի Արցախ
Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանի լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերըլայն Քոքս խումբ մը ուխտագնացներու հետ կ՚այցելէ Արցախ:
«Արմէնփրէս»ի համաձայն, Քաշաթաղի «Մերան» պաշտօնաթերթի խմբագիր Զօհրապ Ըռքոյեան յատնեց, որ ուխտագնացները կը գիշերեն Բերձորի՝ Հակարի գետի ափին ստեղծուած բանակավայրին մէջ:
Բերձորի մուտքին մօտ հիւրերը դիմաւորեցին Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավարի տեղակալներ՝ Արտուշ Մխիթարեան, Յակոբ Սայամեան եւ աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեան:
Մինչ այդ, պարոնուհի Քոքս իր խօսքի մէջ նշեց, որ Արցախը իրեն համար հարազատ երկիր մըն է՝ դեռ պատերազմի տարիներէն: Քերըլայն Քոքս իր խումբի անդամներուն, որոնց մեծ մասը առաջին անգամն է, որ կ՚այցելէ Լեռնային Ղարաբաղ, պատմած է գոյամարտի եւ արցախցիներու հերոսական պայքարի մասին: Խօսելով Քաշաթաղի շրջանի մասին, ան նկատած է, որ հայ ժողովուրդը մշտապէս աւերակներու վրայ հիմնած ու ծաղկեցուցած է իր երկիրը:
Ուխտագնացութեան մասնակիցները Բերձորէն կ՚ուղղուին դէպի Շուշի եւ Ստեփանակերտ:
Միւս կողմէ, ուխտագնացներու մէջ են նաեւ արցախեան գոյամարտի մասնակից հաշմանդամներ, որոնք բուժուած են Ստեփանակերտի Քերըլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնէն ներս: Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին պարոնուհիին՝ օժանդակած եւ հիմնած ըլլալուն համար նման բժշկական հաստատութիւն մը, ուր բուժուած են բազմաթիւ հաշմանդամ ազատամարտիկներ: Ապա արտերկրէն ժամանած բոլոր ուխտագնացները, իբրեւ նուէր ստացան եղեռնի մասին պատմող գիրքեր ու սկաւառակներ, որոնք յատկացուած են Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: