ՍՂԵՐԴԻ ՄԷՋ ՏՄԱՐԴԻ ԾՈՒՂԱԿ

Թուր­քիա ի­րե­րա­յա­ջորդ ցնցում­ներ կ՚ապ­րի ա­հա­բեկ­չա­կան ա­նի­ծե­լի յար­ձա­կում­նե­րով։ Վեր­ջին շրջա­նին օր մը չ՚ըլ­լար, որ բա­խում­նե­րու եւ նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րով չտխրի եր­կի­րը։ Յու­նիս 7-ի ընտ­րու­թեան յա­ջոր­դած մթնո­լոր­տին մէջ ան­հա­մե­մա­տե­լի թափ մը ստա­ցած են ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րը, ո­րոնք խոր յու­զու­մով կը հա­մա­կեն եր­կի­րը։ Ցա­ւը որ­քան որ ալ մեծ ու ան­սահ­ման ըլ­լայ՝ ժո­ղո­վուր­դը միշտ կը դի­մադ­րէ բարձր գի­տակ­ցու­թիւ­նով, ան­խախտ միաս­նա­կա­նու­թիւ­նով եւ պե­տու­թեան շուրջ հա­մա­խումբ մնա­լով։

Ե­րէկ, հեր­թա­կան ող­բեր­գու­թիւ­նը ապ­րուե­ցաւ Սղեր­դի մէջ։ Շիր­վան-Փեր­վա­րի ճա­նա­պար­հին վրայ լա­րուած տմար­դի ծու­ղա­կին հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ ութ զի­նուոր։ Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ ճա­նա­պար­հին վրայ զե­տե­ղուած ռում­բը հե­ռա­կայ դրու­թեամբ պայ­թե­ցուե­ցաւ զի­նուո­րա­կան ինք­նա­շար­ժի մը անց­նե­լուն ժա­մա­նակ։ Ժա­մը 14.10-ին պա­տա­հած դէպ­քին զոհ գա­ցին Հա­քան Աք­թիւրք, Ֆեր­տի Կե­րեք­լի, Պա­րըշ Ա­քան, Էօ­մէր Է­րիւս­թիւն, Պա­հա­տըր Այ­տըն, Րէ­ճէպ Պէյ­ճուր, Հա­լիլ Պար­քըն եւ Էմ­րէ Քաան Ար­լը։ Այս ցա­ւա­լի ի­րա­դար­ձու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս վերջ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան կող­մէ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ ցա­ւակ­ցա­կան մը։ Բա­նա­կի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը համ­բե­րու­թիւն մաղ­թեց նա­հա­տակ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ թուրք ազ­գին։

Ա­հա­բե­կիչ­նե­րը որ­քան որ ալ աղմ­կա­յա­րոյց բռնա­րարք­ներ ի­րա­կա­նաց­նեն՝ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով մեծ կո­րուստ­ներ կը պատ­ճա­ռեն ա­նոնց տե­սա­կէ­տէ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, վեր­ջին եր­կու օ­րե­րու ըն­թաց­քին ի­րա­կա­նա­ցուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին չէ­զո­քա­ցուած է տաս­նութ  ա­հա­բե­կիչ։ Ընդ­հան­րա­պէս վեր­ջին շրջա­նին ՓՔՔ ծանր կո­րուստ­ներ տուած է՝ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ սպաննուած քա­ռա­սուն ա­հա­բե­կի­չով։ Մինչ այդ, Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րու ռազ­մաօ­դա­նա­ւերն ալ ռմբա­կո­ծե­ցին ՓՔՔ­-ի ճամ­բար­ներն ու ա­պաս­տա­նա­րան­նե­րը, ո­րոնք կը գտնուին Ի­րա­քի սահ­մա­նին վրայ։ Օ­դա­յին ռմբա­կո­ծում­նե­րը տե­ւե­ցին շուրջ ժամ մը։

ԻՍ­ԹԱՆ­ՊՈՒ­ԼԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ

Միւս կող­մէ, ե­րէկ, ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Իս­թան­պու­լի մէջ ալ ապ­րուե­ցաւ դէպք մը։ Տոլ­մա­պահ­չէի մէջ լսուե­ցան կրա­կոց­ներ։ Պա­հա­կա­կէ­տի մը վրայ կրակ բա­ցուե­ցաւ, սա­կայն բա­րե­բախ­տա­բար չե­ղան զո­հեր կամ վի­րա­ւո­րեալ­ներ։ Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս փու­թաց դէպ­քի վայր, ուր առ­նուե­ցան նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­ներ ու կա­տա­րուե­ցաւ քննու­թիւն։ Այս ըն­թաց­քին եր­թե­ւե­կու­թիւնն ալ կա­ղաց լրջօ­րէն։ Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ յանցագործները ձերբակալուած են Գերմանական հիւպատոսարանի մօտակայքին։ Նման դէպք մը ապրուած էր նաեւ եօթ ամիս առաջ։ Յարձակումը կատարած է ՏՀՔՓ-Ճ կազմակերպութիւնը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015