ՓԵՆԹԱԿՈՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ո­ւա­շինկ­թըն, ե­րէկ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Փեն­թա­կո­նէն ներս։ Այս­պէս, ան ըն­դու­նուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թը­րի կող­մէ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Փեն­թա­կո­նի բան­բեր Փի­թըր Քուք այս առ­թիւ տե­ղե­կա­ցուց, որ Ո­ւա­շինկ­թըն 20 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար յատ­կաց­նել կը պատ­րաս­տուի Թիֆ­լի­զին։ Սա վրա­ցա­կան կող­մին հա­մար նա­խա­տե­սուած յա­ւե­լեալ ռազ­մա­կան օգ­նու­թիւն մըն է, որ պի­տի կա­տա­րուի «Դաշ­նա­կից­նե­րուն ե­րաշ­խիք­նե­րու ամ­րապն­դում» ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Խի­տա­շե­լիի հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Քար­թըր հաս­տա­տած է ա­մե­րի­կեան կող­մին մտադ­րու­թիւ­նը՝ Վրաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թեամբ, նե­րա­ռեալ տա­րե­կան երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րը։ Էշ­թըն Քար­թըր վե­րա­հաս­տա­տած է նաեւ, որ ա­մե­րի­կեան կող­մը պի­տի շա­րու­նա­կէ վրա­ցա­կան կող­մին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը՝ ՆԱ­ԹՕ-Վրաս­տան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ձե­ւա­չա­փին մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015