ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐԽԻՒԷՆ ՆԵՐՍ ԹԱՓՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւի տնօ­րէն Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան յայ­տա­րա­րեց, որ մին­չեւ տա­րե­վերջ պի­տի ա­ւար­տի իր ղե­կա­վա­րած հաս­տա­տու­թեան մօտ ի պահ դրուած ժա­պա­ւէն­նե­րուն թուայ­նաց­ման աշ­խա­տան­քը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, թուայ­նա­ցեալ ժա­պա­ւէն­նե­րու թի­ւը կը հաս­նի 2200-ի։ Տնօ­րէ­նը շեշ­տեց, որ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւին մօտ ի պահ դրուած ա­մե­նա­հին տե­սա­նիւթն է՝ 1911 թուա­կա­նին նկա­րա­հա­նուած ե­րա­նաշ­նորհ Իզ­միր­լեան կա­թո­ղի­կո­սի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Բաց աս­տի, այն­տեղ կը պահ­պա­նուի նաեւ ա­ռա­ջին գե­ղա­րուես­տա­կան ժա­պա­ւէ­նը՝ 1925 թուա­կա­նին ար­տադ­րուած։ Կան նաեւ ա­ւե­լի վերջ նկա­րա­հա­նուած ֆիլ­մեր։ Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան ընդգ­ծեց, որ յա­մե­նայն­դէպս բուն ժա­պա­ւէն­նե­րը պի­տի մնան։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան կանգ ա­ռաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւին մօտ ի պահ դրուած ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րուն վրայ։ Այդ փաս­տա­թուղ­թե­րուն թուայ­նաց­ման գոր­ծըն­թացն ալ կը շա­րու­նա­կուի եւ շնոր­հիւ կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ տե­ղե­կու­թիւ­նը կը դառ­նայ ա­ռա­ւել հա­սա­նե­լի։

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016