ՄԵԾԱՐԱՆՔ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻՆ
Սփիւռքահայ մեծանուն բանաստեղծ, մշակոյթի աննկուն գործիչ Ժագ Յակոբեանի ծննդեան դարադարձը ու իր բեղուն վաստակի 80-ամեակը հանդիսաւորապէս պիտի նշուի յառաջիկայ Հոկտեմբերի 30-ին, Կլենտէյլի, Գալիֆորնիա, Միացեալ Նահանգներ, «Փրիսպիթերիըն» եկեղեցւոյ մէջ:
Ձեռնարկը պիտի կայանայ կազմակերպութեամբ «Մաշտոց» գոլէճին, բարձր հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանին:
Կազմակերպչական յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, Համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը, Իրանահայ միութիւնը, Գալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութիւնը, Իրաքահայ ընտանեկան ընկերակցութիւնը, «Նոր սերունդ» մշակութային միութիւնը, Թէքէեան մշակութային միութիւնը եւ Պոլսահայ միութիւնը:
Բանաստեղծ, ուսուցիչ Ժագ Յակոբեան հեղինակ է երեսունհինգ հատորներու։ Ան նաեւ ծառայած է որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ՝ Լիբանանի Կենաց երկրորդական վարժարանին եւ Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանին մէջ:
Բովանդակալից յայտագիրը պիտի պարունակէ երկու բանախօսութիւն, ողջոյնի խօսքեր, վկայութիւններ, նուագ եւ ասմունք: Նաեւ, ընթացքին պիտի ցուցադրուի բանաստեղծին կեանքը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Հանդիսութեան հրաւիրուած է շրջանի հայութիւնը ներկայ գտնուելու եւ ականատեսը դառնալու աննախընթաց իրադարձութեան մը՝ համայնքի պատմութեան մէջ: