ՎԵՐԱՄՇԱԿՄԱՆ ՄԵԾ ԳՈՐԾ
Երեւանի Մատենադարանի ձեռագիրներու հաւաքածոն վերջերս համալրուեցաւ եւ այս նոր համալրումներուն հիման վրայ հաւաքածոյին թիւը հասաւ 22 հազար 550 միաւորի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մատենադարանին մէջ անցեալ տարի կազմուած է 116 միաւոր՝ ըստ էութեան Թորոս Ազատեանի ֆոնտի մնացած մասը՝ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն Մատենադարան փոխադրութեան շնորհիւ։ Միեւնոյն ժամանակ ներկայիս ձեռնարկուած է ծրագրի մը, որ Մատենադարանի տեսակէտէ ռազմավարական նշանակութիւն կը ներկայացնէ։ Սա մեծադիր ձեռագրերու, հազ-ւագիւտ արխիւային փաստաթուղթերու եւ հնատիպ գիրքերու հետազօտութեան ու գիտաթեքնիկ մշակման եւ վերականգնման ծրագիրն է։
Այս բոլորին կապակցութեամբ Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան յայտնեց, որ անցեալ տարի հաստատութեան բոլոր ստորաբաժանումները աշխատած են մեծ ծանրաբեռնուածութեամբ։ Այդ առումով եղած է բացառիկ տարի մը։ Տնօրէնին խօսքերով, էական հանգամանք մըն է սերնդափոխութեան հարցը, որ հայագիտութեան մէջ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Մատենադարանի պարագային սերնդափոխութեան գործընթացը մտած է բնականոն հունի մը մէջ եւ սա լուրջ ձեռքբերում մըն է։ «Այո, մեր ետեւէն կու գայ երիտասարդ, օժտուած գիտնականներու սերունդ մը։ Մենք կը խօսինք արդէն կայացած սերնդափոխութեան մը մասին եւ այս ասպարէզին մէջ աննախադէպ յառաջընթաց կ՚ակնկալուի։ Նկատի ունիմ քսանէ աւելի թեկնածուական ատենախօսութիւններու պաշտպանութիւնը, որ կը նախատեսուի այս տարուան ընթացքին։ Հետզհետէ կը մեծնայ մատենադարանցիներու ներկայութիւնը հայագիտութեան եւ ընդհանուր միջնադարագիտութեան բոլոր ասպարէզներուն մէջ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ։ Կը խորանան կապերը հայագիտական բոլոր խոշոր կեդրոններուն հետ, մեր երիտասարդները յաջողութիւններու կը հասնին միջազգային ասպարէզի վրայ», ըսաւ Հրաչեայ Թամրազեան։
Անդրադառնալով Մատենադարանի մօտ ի պահ դրուած ձեռագրերու թուայնացման աշխատանքներուն՝ Հրաչեայ Թամրազեան ըսաւ. «Այժմ կ՚իրականացուի Մատենադարանի համար ռազմավարական նշանակութեամբ նպատակային ծրագիր մը։ Մեծադիր ձեռագրերու, հազուագիւտ արխիւային փաստաթուղթերու եւ հնատիպ գիրքերու հետազօտման ու գիտաթեքնիկ մշակման ծրագիրն է այս մէկը։ Սա աննախադէպ է քանի մը առումներով։ Նախ՝ առաջին անգամ կ՚իրականացուին գրաւոր յուշարձաններու գիտական հետազօտման, մշտադիտարկման ու անոր հիման վրայ տուեալներու շտեմարանի ստեղծման համալիր միջոցառումներ, որոնց կը մասնակցին ձեռագրատունը, գրադարանը, արխիւային, թուայնացման եւ վերականգնման բաժինները։ Իսկ մեծադիր ձեռագրերու թիւը կը հասնի հազարի։ Անոնց մէջ կը մտնեն մեր ձեռագրական գանձերէն շատերը՝ «Ճառընտիրներ», «Յայսմաւուրքներ» զանազան ժողովածոներ։ Եւ սա ինքնին գործունէութեան հսկայական բնագաւառ մըն է։ 2015 թուականին Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան կոմիտէի յայտարարած դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակներէն ներս Մատենադարանի թուայնացման բաժինը ապահովեց բարձրակարգ պատճէնահանման համակարգ։ Բարերար Ռուբէն Վարդանեանն ալ Մատենադարանին նուիրեց նոյնպէս պատճէնահանման համակարգ մը։ Այս սարքերը հնարաւորութիւն կը ստեղծեն առաւել բարձր որակով եւ մեծ արդիւնաւէտութեամբ թուայնացնել Մատենադարանի ձեռագիր հաւաքածոներն ու արխիւային վաւերագրերը։ Այսօրուան դրութեամբ Մատենադարանի թուայնացման բաժինը այս նոր համալրումներուն շնորհիւ աշխատանքները կը շարունակէ վեց թուայնացման սարքերով»։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Թամրազեան տեղեկացուց, թէ Մատենադարանը կը շարունակէ աշխատանքները արտերկրի հայկական ձեռագրական հաւաքածոներու վերականգնման եւ ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ։ Շուտով շօշափելի արդիւնքներ պիտի ապահովուին։ Մատենադարանը լոյս պիտի ընծայէ Զմմառի հայերէն ձեռագրական հաւաքածոյի՝ չորս հատորներու ձեւաչափով։
Անցեալ տարի, միեւնոյն ժամանակ, Մատենադարանը ենթարկուած է էական կառուցուածքային փոփոխութիւններու ու կը շարունակէ ընդլայնել իր միջազգային եւ միջպետական գործունէութեան շրջագիծը։