ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը նախատեսէ օժանդակել Հայաստանին՝ որպէսզի երկիրը բարելաւէ իր տնտեսական իրավիճակը եւ համարկուի Հարաւային Կովկասի ուժանիւթի համակարգին մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի Գոնկրէսէն ներս վերջերս տեղի ունեցան 2017 թուականին Եւրոասիոյ տարածքաշըր-ջանին համար տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութեան շուրջ քննարկումներ։ Այս շրջագծով ելոյթով մը հանդէս եկաւ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով օգնական Թոմաս Մելիա։ Ներկայացնելով յաջորդ տարի տարածքաշրջանի երկիրներուն ուղղուելիք ամերիկեան օգնութեան առաջնահերթութիւնները՝ ան ըսաւ. «Հայաստանին տրամադրուելիք մեր օգնութիւնը թոյլ պիտի տայ համարկիլ տարածքաշրջանային ուժանիւթի համակարգերուն։ Օգնութեան մէկ մասը միտուած պիտի ըլլայ նաեւ երկրէն ներս տեղական ինքնակառավարման ամրապնդման»։
2017 թուականին համար Սպիտակ տան կողմէ առաջարկուած պետական պիւտճէին նախագծով, Հայաստանին տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնը պէտք է 22 տոկոսով աւելնայ ու կազմէ 22 միլիոն տոլար։ Բաց աստի, ԱՄՆ 3 միլիոն տոլարէն աւելի գումար մըն ալ պիտի տրամադրէ Հայաստանի ռազմական եւ իրաւապահ համակարգերու զարգացման նպատակով։ Ամերիկեան օրէնսդիրներուն մեծամասնութիւնը տակաւին պիւտճէի քննարկումներուն ընթացքին կը նախատեսեն զգալիօրէն բարձրացնել Հայաստանին համար նախատես-ւած ամերիկեան օժանդակութեան ծաւալը։ Ունկնդրութիւններուն ընթացքին ելոյթ մը ունենալով՝ գոնկրէսական Տէյնա Ռորապահէր ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ ունի կարեւոր յատկութիւն մը՝ ուրիշներու հետ բաժնելու կարեւորութեան գիտակցութիւնը։ «Ես միշտ հպարտ եղած եմ ամերիկեան ժողովուրդի մեծահոգութեամբ՝ անոնք միշտ պատրաստ են ձեռք երկարել բոլոր կարիքաւոր մարդոց, նոյնիսկ եթէ երբեք չեն հանդիպած անոնց հետ», ըսաւ ան։
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութենէն Ալինա Ռոմանովսքին ալ ունկնդրութիւններուն ընթացքին խորհրդարանականներուն ներկայացուց այն չորս հիմնական ուղղութիւնները, որոնք որդեգրուած են ԱՄՆ-ի կողմէ Եւրոպայի տարածքէն ներս օժանդակութիւն տրամադրելու առումով։ Այդ հիմնական ուղղութիւններն են՝ երկիրներու անկախութեան եւ գերիշխանութեան ամրապնդումը՝ օգնելով տուեալ երկրին պաշտպանուիլ արտաքին ճնշումներէն, կաշառակերութեան դէմ պայքարն ու օրէնքի գերակայութեան ապահովումը, ժողովրդավարութեան ամրապնդումն ու խօսքի ազատութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ապահովումը։ Միացեալ Նահանգներու օգնութեան տրամադրման չորրորդ առաջնահերթութիւնը այս տարածքաշրջանի երկիրներուն համար խաղաղութիւն ապահովելն է, ինչ որ լուրջ վտանգի տակ յայտնուած է։
Ատրպէյճանի համար նախատեսուած ամերիկեան օժանդակութիւնը Հայաստանի համար նախատեսուածէն կրկնապատիկ նուազ է։ Օգնութիւնը ըստ էութեան ուղղուած է Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ բաց հասարակութեան զարգացման։ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան ներկայացուցիչը շեշտեց, որ այդ որոշումը առնելու ժամանակ հաշուի առնուած է նաեւ յիշեալ բնագաւառէն ներս Ատրպէյճանի լուրջ յետընթացը։
Թոմաս Մելիա Ուաշինկթընի մէջ յայտարարեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին պիտի օգնէ՝ որպէսզի նուազի անոր տնտեսական կախուածութիւնը Ռուսաստանէն։