ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) առանցքային դերակատարութիւն մը ստանձնած է՝ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումին յաջորդած աղիտալի իրավիճակին մէջ։ ՀԲԸՄ անփոխարինելի ներդրում մը ունի տագնապահար լիբանանահայութեան օգնութիւն փութացնելու ուղղեալ աշխատանքներուն մէջ։ Նախընթաց օր ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնը հրապարակեց նոր մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Պայթումէն ժամեր ետք միայն, ՀԲԸՄ յայտնուեցաւ աղէտեալ շրջաններուն մէջ եւ կը շարունակէ 24-ժամեայ դրութեամբ, շաբթուան 7-ը օրերուն, անընդհատ, լարուած ճիգերով, մարդասիրական օգնութիւն հասցնել լիբանանահայութեան եւ լիբանանեան համայնքի լայն շրջանակներուն:

Համազգային զօրակցութեան սքանչելի ոգիով կը շարունակուի նաեւ սրտաբուխ եւ լիաբուռն նուիրատուութիւններու հոսքը, որ առաջին շաբաթավերջին  իսկ հասաւ 2 միլիոն տոլարի, յաջորդող շաբթուան ընթացքին 1 միլիոն տոլար եւս գոյացնելով: 100 հազար ամերիկեան տոլար եւ աւելի գումարներով իրենց մասնակցութիւնը բերող բարերարներու շարքին էին նաեւ Նազար Նազարեան եւ Սեդա Նազարեան, Էնն Շիրինեան Օրլանտօ - Լիբանանի եւ Սուրիոյ համայնքներուն ի նպաստ, ինչպէս նաեւ Լեւոն եւ Վերա (Անուշ) Նազարեանները եւ Գառնիկ եւ Անի Եագուպեանները: Հանրութիւնը նոյնպէս, կը շարունակէ իր աննախադէպ մասնակցութիւնը բերել 10 տոլարէն 1.000, 5.000 եւ 50.000 տոլար գումարներով:

Ցուցաբերուած զօրակցութեան ոգին, մղեց ՀԲԸՄ-ը ընդարձակելու Աղէտեալներու օգնութեան նորաստեղծ միաւորի գործունէութեան ծիրը: Ստեղծուեցաւ հաղորդակցութեան հանրային մնայուն գիծ, համակարգելու համար սննդեղէնի բաշխումի, ապաստանարաններու ապահովումի, տուներու վերանորոգութեան, բժշկական եւ դարմանատնային օգնութեան եւ հոգեբուժական խորհրդատուութեան ծառայութիւնները:

Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի անդամ Կերի Նազարեան, որ կը գլխաւորէ շտապ օգնութեան աշխատանքները, գոհունակութեամբ կը նշէ, թէ «Մեր շրջանակի անդամները եւ կամաւորները, յատկապէս ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտները, առաջին իսկ օրէն գործի լծուեցան, կազմակերպելով մաքրութեան ջոկատներ եւ օգնութեան հասնելով կարիքաւորներուն: Հիմա, որ մեր կազմակերպչական կառոյցը արդէն գործօն է, վնասներու արժեւորումի խմբակներ ղրկուած են չորս գլխաւոր աղէտեալ շրջաններ: Անհրաժեշտ է, որ վնասներու տարողութեան յստակ եւ ճշգրիտ պատկերացում մը ունենանք, արդիւնաւորութեամբ յառաջ տանելու համար օգնութեան եւ վերականգնումի մեր գործունէութիւնը»։

Արին Ղազարեան, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարիչ-տնօրէնը, որ օգնութեան աշխատանքներու գլխաւոր համակարգողներէն մին է, կը բացատրէ, թէ «ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնը, որ սովորաբար բեղուն գործունէութիւններով խճողուած պէտք է ըլլար այս օրերուն, ծանր վնասներ կրած է պայթումին պատճառով: Հետեւաբար, կամաւորական աշխատանքները յառաջ կը տարուին Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի համալիրէն, ուր կեդրոնատեղի մը ստեղծուած է, կամաւորներու աշխոյժ եռուզեռը ղեկավարելու համար: Ամենօրեայ հերթապահական դրութեամբ, աւելի քան 300 կամաւորներ, ամէն տարիքէ, անդադար գործի լծուած են, հեռաձայններու կը պատասխանեն, օգնութեան խմբակներ կ՚ուղղեն հոն, ուր կարիքը կը ներկայանայ, նաեւ շարունակուող ծառայութիւններուն առընթեր, ծագող ամենօրեայ կարիքներու դիմագրաւումին համար նոր ծրագիրներ կը մշակեն»։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐՈՒ ՍՏՈՒԳՄԱՆ ԵՒ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ

Տեղւոյն վրայ կատարուող այցելութիւնները կարեւոր են անմիջական թէ երկարաժամկէտ վերականգնումի ծրագրումին համար: Այդ այցելութիւնները կը կատարուին մասնագէտ եւ փորձառու կամաւորներու կողմէ, ինչպէս երկրաչափներ, ճարտարապետներ, շինարարներ եւ բժշկական մարզի մասնագէտներ: Վնասները, իրենց բոլոր մանրամասնութեամբ կը ցանկագրուին, ըլլան անոնք շէնքերու կառոյցային վնասներ, հանրային ծառայութիւններու եւ մեքենական կազմածներու խանգարումներ, դեղօրայքի, սննդեղէնի կամ այլ անհրաժեշտ կարիքներ:

Կատարուած արժեւորումներու հիման վրայ կը կազմակերպուին աշխատանքները, չորս գլխաւոր ուղղութիւններով՝ սննդեղէնի եւ անհրաժեշտ կարիքներու մատակարարում, նորոգութիւններ եւ վնասուած կազմածներու եւ կարասիներու փոխարինում, բժշկական օգնութիւն եւ ժամանակաւոր բնակավայրերու ապահովում: Համապատասխան աշխատանքներու կազմակերպումը կ՚ընդգրկէ մաքրութեան, նոր կազմածներու ապսպրանքներու, շինարարական խումբերու ապահովումի եւ անհրաժեշտ կարիքներու մատակարարումի գործադրումը: Ըստ Արին Ղազարեանի, վերաշինութիւնը որ յառաջիկայ շաբաթներուն գործադրելի պիտի դառնայ վերջնական տուեալներու հիմամբ,  օգնութեան աշխատանքներու երկրորդ հանգրուանը կը կազմէ:

ՍՆՆԴԵՂԷՆ, ԴԵՂՕՐԱՅՔ ԵՒ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Տիրող տագնապի դժուարագոյն պայմաններուն տակ, ՀԲԸՄ ընդարձակած է սննդեղէնի մատակարարման իր աշխատանքները: Ապահովուած են 8.5 թոն ընդեղէն, 1 թոն փոշի կաթ եւ 10 հազար տարբեր տեսակի տուփեղէններ, որոնք պիտի տրամադրուին շուրջ 4 հազար ազգայիններու, ծրարներու միջոցաւ, որոնք պէտք է բաւարար ըլլան ընտանիքի մը մէկ ամսուան կարիքներուն համար:

Սննդեղէնի ծրարներու բաշխումին առընթեր, ՀԲԸՄ կը գործակցի ոչ-կառավարական «Ուըրլտ Սենթրըլ Քիչըն» յայտնի կազմակերպութեան հետ, որուն ղեկավարն է խոհարարապետ եւ բարեգործ Եոզէ Անտրէս, իրեն աջակից ունենալով միութեան շրջանակէն «Մայրիկ» ճաշարանի հիմնադիր եւ սեփականատէր Ալին Քամաքեանը, որուն նշեալ ճաշարանը գետնին հաւասարած է, իր պաշտօնեաներէն շատերը վիրաւոր եւ տնաւեր են, ինք եւս իր կարգին վիրաւորուած եւ նիւթական ծանր վնասներու ենթարկուած է, բայց եւ այնպէս կը մասնակցի օգնութեան աշխատանքներուն, տրամադրելով իր երկրորդ ճաշարանը՝ «Պաչիկ»ը, ուր եւ կը գործեն ՀԲԸՄ-ի կամաւորներ եւս, ճաշերու պատրաստութեան համար, որպէսզի միութեան Ամանոսի կեդրոնէն 500-1000 ճաշաբաժիններ բաշխուին կարիքաւորներու:

Բժշկական մարզի բազմաթիւ մասնագէտներ, սիրայօժար կերպով կ՚օգնեն ֆիզիքական վնասներու ենթարկուած անձերու քննութեան եւ խմբաւորումի աշխատանքներուն, համապատասխան դարմանումներ ապահովելու համար անոնց: ՀԲԸՄ-ի դարմանատուները ձրիօրէն կը տրամադրեն անհրաժեշտ դեղօրայքը: Աշխատանք կը տարուի նաեւ պանդոկներու հետ համաձայնութիւններ կնքելու ուղղութեամբ, առժամեայ բնակավայրեր ապահովելու համար աղէտեալներուն:

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԵՐԸ ԼԵՑՆԵԼՈՒ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ՏԱՐՈՒՈՂ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեան կը նշէ, թէ մարդոց կողմէ պատճառուած այս աղէտին լրջութիւնը ծանր բեռ մը կը դնէ ՀԲԸՄ-ի ուսերուն, պարտադրելով անոր իր բոլոր լծակները ի գործ դնել, լեցնելու համար բացերը, զորս 10 օգոստոսին կառավարութեան հրաժարումին պատճառով ստեղծուած են:

«Գիտենք, թէ վերականգնումի ճամբան երկար եւ խոչնդոտներով լի է, նախքան պայթումը՝ երկրին մէջ տիրող քայքայուածութեան պատճառով: Սակայն ՀԲԸՄ-ին համար աղէտներու դիմագրաւումը նորութիւն չէ: Ապագայի նկատմամբ լաւատեսութիւնը բնածին է մեզի համար: Մենք մեր բոլոր ուժերը եւ իմացական կարողութիւնները լարած ենք, գթասըր-տութեամբ եւ գործնապաշտութեամբ դիմագրաւելու դժուարութիւնները եւ լուծումներ գտնելու համար անոնց: ՀԲԸՄ իրաւամբ փաստած է ինքզինք որպէս վստահելի կազմակերպութիւն, որ ատակ է դիմագրաւելու լրջագոյն մարտահրաւէրները»։

Այս գնահատականին կ՚արձագանգեն նոյնպէս հայ եւ լիբանանեան նպաստընկալ շրջանակներ, գործընկեր կազմակերպութիւններ, նաեւ նուիրատուներ եւ տեղական մամուլը, որոնք գնահատանքով  կ՚անդրադառնան ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան եւ անոր կողմէ այս անցնող տարուան ընթացքին բազմաթիւ տագնապներու դիմագրաւումին:

Վստահաբար շատ հերոսներ ի յայտ պիտի գան, մինչ ՀԲԸՄ Լիբանանի մէջ տիրապետող ներկայութիւն մը կը դառնայ ընդլայնելով նուիրատուներու շրջանակը, խտացնելով կամաւորներու շարքերը նաեւ, որպէս տեղական վստահելի կազմակերպութիւն, գործընկերութիւններ մշակելով համաշխարհային կազմակերպութիւններու հետ, վերականգնումի գործընթացին բերելով իր առաջնորդող մասնակցութիւնը:

Համայնքի կարիքներուն աջակցելու համար անհրաժեշտ է լայնածաւալ աշխատանք, որուն ընդառաջ, Լիբանանի օգնութեան ճիգերուն ի նպաստ նուիրատուութիւնները պէտք է թափով շարունակուին:  Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կրնաք այցելել www.agbugiving.org/lebanon կայքէջը, կամ հեռաձայնել 212-319-6383 թիւին (Նիւ Եորքի ժամով, երկուշաբթի - ուրբաթ ժամը կ.ա. 9 - կ.ե. 5): Հեռագրային փոխանցումներու համար, նոր հաստատուած Citibank-ի հաշուին կապակցութեամբ մանրամասնութիւններու համար գրել ել-նամակի հետեւեալ հասցէին giving@agbu.org  

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2020